Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Ուաշինկթըն կատարած այցի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին պիտի փոխանցէ Նաթանզի միջուկային կայանքին մօտ գտնուող Քոլանկ Կազ Լա լեռան վերաբերող հետախուզական տեղեկութիւններ։ Այս մասին հաղորդած է New York Post օրաթերթը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրին։
Հրատարակութեան համաձայն՝ Իսրայէլի վարչապետը նաեւ մտադիր է Թրամփին տրամադրել իսրայէլեան հետախուզութեան տեղեկութիւնները Իրանի միջուկային եւ հրթիռային ծրագիրներու մասին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղայի աւելի վաղ յայտնած էր, որ Իրանի ենթադրեալ նոր միջուկային կայանքին մասին Թրամփի յայտարարութիւնները անհիմն են, եւ Ուաշինկթընի ուշադրութիւնը Քոլանկ Կազ Լա լեօան նկատմամբ, ուր միջուկային որեւէ գործունէութիւն չի կատարուիր, ոչ այլ ինչ է, քան յարձակողապաշտութեան, աւերածութիւններու եւ ներխուժման շինծու պատրուակ։