Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպեանին յայտնած է, որ յուլիս 27-ի երեկոյեան եւ յուլիս 28-ի գիշերը Մոսկուայի մարզի ուղղութեամբ արձակուած է 390-էն աւելի անօդաչու թռչող սարք։
«Մեծ մասը չէզոքացուած է հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ հեռաւոր մատոյցներուն մէջ, իսկ թշնամիի 81 անօդաչու թռչող սարք ոչնչացուած է Մոսկուային մօտենալու ընթացքին», - յայտնած է քաղաքապետը։
Գործակալութեան հաշուարկներով՝ վերջին երկու տարուան ընթացքին Մոսկուայի դէմ կատարուած անօդաչու թռչող սարքերու այս յարձակման փորձը ամէնէն լայնածաւալներէն մէկն էր։
Միաժամանակ այլ շրջաններու մէջ եւս յարձակումներ արձանագրուած են։ BBC-ի ռուսական ծառայութեան համաձայն՝ Ռուսիոյ Պելկորոտի մարզի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Շեպեքինոյի մէջ անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն 19 մարդ վիրաւորուած է։ Ռիազանի մարզին մէջ բազմաբնակարան շէնքիմ հարուածի հետեւանքով մէկ անձ վիրաւորուած է։
«RBC-Ուքրանիա»-ի հաղորդմամբ՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ռազմաօդային ուժերը յայտնած են, որ յուլիս 27-ի երեկոյեան ժամը 18։00-էն մինչեւ յուլիս 28-ի առաւօտ Ռուսիան Ուքրանիոյ ուղղութեամբ արձակած է 131 յարձակողական անօդաչու թռչող սարք։
Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը երկրի հիւսիսային, հարաւային, կեդրոնական եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ խոցած է 107 անօդաչու թռչող սարք։ Սակայն, հակառակ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցառումներուն, անոնցմէ քանի մը հատը հասած են իրենց թիրախներուն։ Միաժամանակ ինը տարբեր վայրերու մէջ արձանագրուած է 16 յարձակողական անօդաչու թռչող սարքերու հարուած։
Սումիի մարզային իշխանութիւնները տեղեկացուցած են, որ գիշերը կառավարուող օդային ռումբերու հարուածի հետեւանքով վիրաւորուած են երեք երեխայ եւ երեք մեծահասակ։
Խերսոնի մէջ առաւօտեան հրետակոծութեան հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է։
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ յուլիս 28-ի գիշերը ռուսական ուժերը փորձած են յարձակում գործել նաեւ Քիեւի վրայ, որոգ հետեւանքով մայրաքաղաքին մէջ պայթումներ լսուած են։