image

Վախճանեցաւ Արժ. Տ. Սիփան Աւագ Քհնյ. Մխսեան

Վախճանեցաւ Արժ. Տ. Սիփան Աւագ Քհնյ. Մխսեան

Խոր վշտով տեղեկացանք, թէ իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հանգստեան կոչուած բազմավաստակ հոգեւորականներէն՝ Արժանապատիւ Տէր Սիփան Աւագ Քհնյ. Մխսեանը։ Իր երկարամեայ հոգեւոր ծառայութեամբ ան իր նշանակալի ներդրումը ունեցած է եկեղեցական ու համայնքային կեանքին մէջ՝ արժանանալով հոգեւոր դասի եւ հաւատացեալ ժողովուրդի յարգանքին։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հոգեւորականաց Դասը, Թեմական Խորհուրդը եւ պաշտօնէութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժած են Արժ. Տ. Սիփան Աւագ Քհնյ. Մխսեանի վախճանը, որ պատահած է շաբաթ, 18 Յուլիս 2026-ին։

Հանգուցեալին վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Սուրբ Պատարագի ընթացքին, երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2026-ին, ժամը 12:00-ին, առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։

«Տէր լուսաւորեսցէ զհոգի վախճանեալ սպասաւորին եւ տացէ մխիթարութիւն զաւակաց Եկեղեցւոյ իւրում»։