image

Մենք բախած ենք բոլորովին աննախադէպ հրդեհի. Մաքրոն

Մենք բախած ենք բոլորովին աննախադէպ հրդեհի. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կոչ ըրած է հրշէջներուն՝ չկորսնցնելու իրենց մարտական ոգին, քանի կը շարունակեն պայքարիլ երկրի հարաւ-արեւմուտքին մէջ մոլեգնող մեծ անտառային հրդեհին դէմ։ Անոր խօսքով՝ պայքարը երկարատեւ պիտի ըլլայ, սակայն միասին պիտի յաղթահարեն այս փորձութիւնը։

Հրդեհաշիջման աշխատանքներու համակարգման կեդրոն այցելութեան ընթացքին Մաքրոն տեղեկացած է, որ անցեալ շաբաթուընէ ի վեր մոլեգնող հրդեհը չափազանց անկանխատեսելի է։ Ան ընդգրկած է Փարիզի տարածքէն չորս անգամ աւելի մեծ տարածք եւ շուրջ 220 հազար մարդ ստիպած է լքելու իրենց բնակարանները։

«Մենք կանգնած ենք բոլորովին աննախադէպ հրդեհի մը առջեւ», յայտարարած է Մաքրոն՝ իրավիճակը բնորոշելով որպէս Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր Ֆրանսայի մէջ հրդեհներու հետ կապուած ամէնէն ծանր ճգնաժամը։