Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճանապարհը՝ սերունդներու կապող կամուրջ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումին առիթով, որուն այս տարի կը մասնակցին նաեւ իր դուստրերը՝ Շուշին եւ Մեղրին, լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը վերադառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի իր յիշատակներուն եւ կը բաժնէ այն արժէքները, որոնք տարիներ շարունակ կերտեցին սերունդներ։
«Բարձրացիր-Բարձրացուր»․ երկու բառ, որոնք պարզ նշանաբան մը չմնացին, այլ դարձան կեանքի ուղեցոյց մը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դպրոցին մէջ անցած տարիները, սկաուտական հանգրուանները, բանակումները, արշաւները եւ ընկերական կապերը դարձան դպրոց մը՝ պատասխանատուութեան, ծառայութեան եւ եղբայրութեան։
Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Ինչ լաւ օրեր էին այն օրերը, երբ կը յաճախէինք ՀՄԸՄ-ի դպրոցը։
Դասարան առ դասարան՝ նորընծայ, Խոստում, Բ. Կարգ, խմբակի երրորդ անդամ, խմբակի փոխ առաջնորդ, խմբակի առաջնորդ, խումբի վարիչ առաջնորդ, Ա. Կարգ, Պալու, Աքելլա, Միաւորի խմբապետ, Վկայեալ կարգ, Մասնաճիւղի վարչութիւն, Մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետ, համա ՀՄԸՄ-ական երկու բանակումի մասնակցութիւն, տարեկան առնուազն երկու բանակում, Րալլի բանակում, խարոյկահանդէս, արշաւ բանակում, հետախուզական արշաւ, իւրաքանչիւր հանգրուանի նախապատրաստական սեմինար, տեսական եւ գործնական աշխատանք... մայիսեան տարեկան տողանցք, եւ ահագին ու այլազան ձեռնարկներու կազմակերպում կիրարում եւ հաշուետուութիւն, դրօշակի կայմ, դրօշակի արարողութիւն, յարձակում, բանակցութիւն, լման տարազ, ծոպ, սուլիչակապ, նշանակ, դաշոյն, կողմնացոյց, լապտեր, Մորս գոտ...
Ինչ լաւ էին այդ դպրոցի այդքան երկար, բայց այդքան կարճ տարիները, որոնք ակնթարթի մէջ կը յիշուին եւ կը վերականգնեն հազարաւոր դրուագներ, դէպքեր եւ դէմքեր։ Կը յիշուին անոնք, այո, բայց մէկ բան կայ որ յիշուելու կարիք չունի, որովհետեւ միշտ կանգուն եւ ամուր է, բան մը որ այդ բոլորին ուղեցոյցը, աւելի ճիշդը՝ կողմնացոյցն էր եւ է. այդ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը՝ «Բարձրացիր Բարձրացուր»ն է։
Իւրաքանչիւր հանգրուան երբ կը «բարձրանայինք», կը սորվէինք բարձրացնել, միասի՛ն բարձրանալ. ստիպողական բան չկա՛ր հոն, պարզ եւ բնական էր ամէն ինչ. մաքնիսական այդ նշանաբանը բոլորը կը քաշէր դէպի առաջ, միա՛յն առաջ. չկային զայն մերժողներ, չկային անոր հանդէպ չէզոք դիրք բռնողներ, քմահաճութիւն չկար հոն, ո՛չ անձնական ոչ ալ հաւաքական։
Ինչ լաւ է, ինչ բախտաւոր ենք որ ընկերներով անցանք ՀՄԸՄի, մեր պարագային Անթիլիաս մասնաճիւղի դպրոցական փառքի օրերէն, ուր մեզի սորվեցուցին երբե՛ք չէզոքութիւն չկիրարել, այլ կողմ ըլլալ միա՛յն առաջ երթալու եւ «Բարձրացիր Բարձրացուր»ի խորհուրդը իւրացնելու եւ կեանքի մէջ գործնականացնելու։
Մենք այդ կիրառեցինք, եւ այդ օրերու մեր ընկերները վերածուեցան իսկակա՛ն եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնց մէկ մէկ կը համբուրեմ եւ ձեռքերը կը սեղմեմ, ուր որ ալ են այսօր։