Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Իլհամ Ալիեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են տարբեր գերատեսչութիւններու մակարդակով երկխօսութեան աշխուժացումը։ Աայս մասին հաղորդած է Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը։
«Երկկողմ եւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերը քննարկելէ ետք առաջնորդները նշած են ռուս-ատրպէյճանական կապերու կառուցողական բնոյթը եւ կառավարութիւններու ու ոլորտային գերատեսչութիւններու միջեւ երկխօսութեան աշխուժացումը», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Փութինը եւ Ալիեւը նաեւ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը երկու երկիրներու միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման։
Աւելի վաղ Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։