image

Զինետտին Զիտան՝ պաշտօնապէս Ֆրանսայի հաւաքականի մարզիչ

Զինետտին Զիտան՝ պաշտօնապէս Ֆրանսայի հաւաքականի մարզիչ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերացիայի մամլոյ ծառայութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուած է Զինետտին Զիտանը։ Անուանի մասնագէտի հետ կնքուած է աշխատանքային համաձայնագիր, որ ուժի մէջ պիտի մնայ մինչեւ 2030 թուականը։

Յիշեցնենք, որ 2026 թուականի Աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին Ֆրանսայի հաւաքականը կը գլխաւորէր Տիտիիէ Տեշամը, որ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ մրցաշարքի աւարտէն ետք պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն։ ԱԱ-2026-ի երրորդ դիրքին համար տեղի ունեցած մրցումին ֆրանսացիները կոլառատ խաղի մը ընթացքին 6-4 արդիւնքով պարտուած էին Անգլիոյ հաւաքականին։

Յատկանշական է, որ Զիտան 2021-էն ի վեր մարզչական որեւէ պաշտօն չէր վարեր։ Ան նախապէս երկու անգամ գլխաւորած է Մատրիտի «Ռէալ»-ը՝ 2016-2018 եւ 2019-2021 ժամանակաշրջաններուն։ Անոր ղեկավարութեան օրօք մատրիտեան ակումբը նուաճած է ընդհանուր առմամբ 11 տիտղոս, որոնց շարքին՝ երեք անգամ ՈՒԵՖԱ-ի Չեմպիոններու լիկայի ախոյեանութիւնը։