image

ՀՄԸՄի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

ՀՄԸՄի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

ՀՄԸՄի Լաթաքիոյ մասնաճիւղը, օրերս, հանդիսաւոր ձեռնարկով նշած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Տօնակատարութիւնը համախմբած է հոգեւոր, համայնքային ու սկաուտական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնց ներկայութեամբ տեղի ունեցած է նաեւ նոր սկաուտներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Յունիս 19ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի 100ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, «Արարատ» սրահէն ներս։

Ձեռնարկին ներկայ էին` Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւը, Լաթաքիոյ պատկան մարմինի ներկայացուցիչը,  ՀՄԸՄի Սուրիոյ շրջանային ընդհանուր խմբապետուհին, ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ «Ով Հայ արի» քայլերգներով, ապա օրուան բեմավար Կրեսի Մաշհուր Գէորգեան բացման խօսք ընթերցեց, յիշելով, որ ՀՄԸՄի սկաուտութեան նպատակը եղած է պատրաստել բարոյական վեհ սկզբունքներով տոգորուած տիպար հայորդիներ:

Ապա տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 8 քոյրեր եւ եղբայրներ երդում ըրին հաւատարիմ մնալու ՀՄԸՄի կանոնագրին, ծրագրին եւ սկաուտութեան սկզբունքներուն եւ ստացան Ա. կարգի վկայականներ։

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Բացման պատկերը կը ներկայացնէր ՀՄԸՄի նաւուն հասնիլը Լաթաքիոյ ափեր, ուր գտաւ իր իսկական գանձը՝ հայկական սկաուտական եւ մարզական անմահ ոգին եւ այդ մեծ ուժով լիցքաւորուած՝ նաւը որոշեց իր լոյսը տարածել ամբողջ աշխարհով մէկ՝ ներկաներուն փոխադրելով երկրագունդի տարբեր երկիրներ։

Առաջին երկիրը Հնդկաստանն էր, ուր փոքրիկ գայլիկներու խումբ մը ներկայացուց հնդկական պար՝ ճոխ եւ եռանդուն շարժումներով։ Երկրորդ երկիրը Շուէտն էր. շուէտական մարզանքներով ոգեշնչուած սկաուտները ներկայացուցին սկաուտական չափական եւ գաւազանի մարզանքներ։

Յաջորդ կայանը Միացեալ Նահանգներն էր, ուր խումբ մը քոյրեր եւ եղբայրներ, աշխուժօրէն եւ խանդավառ՝ «հիփ-հոփ» պարեցին։ Ապա նաւը վերադարձաւ Սուրիա։ Սկաուտները ներկայացուցին թատրոն, որ կը նկարագրէր սուրիահայութեան իրավիճակը պատերազմի ժամանակաշրջանին։

Հարաւային Քորէան յաջորդ կայանն էր, ուր մարզուած գայլիկներն ու սկաուտները քորէական թեքուանտոյի մարզանքէն ձեւեր ներկայացուցին։ Այնուհետեւ նաւը բոլորը տարաւ դէպի Սպանիա, ուր սպանական մշակոյթէն գունաւոր ու խանդավառ պարով մը գայլիկները բեմ բարձրացան։

Յաջորդը Յունաստանի նաւահանգիստն էր, ուր ողիմպիական խաղերու ոգիով խումբ մը եղբայրներ ներկայացուցին բուրգ։ Նաւուն վերջին կայանն էր Հայաստանը: Հոն երէց սկաուտները բեմ բարձրացան «Փափուրի» շուրջպարով, որմէ ետք անոնց միացան բոլոր քոյրերն ու եղբայրները՝ հպարտութեամբ ներկայացնելով իրենց վերջին նպատակը՝ վերադարձ դէպի մայրենի հողեր։

Ապա, ՀՄԸՄի Սուրիոյ շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Մեղրիկ Ապահունի Մանճեան ընթերցեց Շրջանային Սկաուտ խորհուրդին կողմէ առաքուած շնորհաւորագիրը, որմէ ետք  Վազգէն Ա. քհնյ․ Քէօշկէրեան օրուան պատգամը փոխանցեց։

Քահանայ հայրը բարձր գնահատեց տարուած բծախնդիր աշխատանքը եւ հաստատեց, որ ՀՄԸՄի նաւը պտըտելով ամբողջ աշխարհը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ արժանավայել աշխատանքով։ Ան շնորհաւորեց երդում կատարած ՀՄԸՄականները եւ թելադրեց հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄի տեսլականին։

Ապա մասնաճիւղի խմբապետ Ռաֆֆի Քոչեան իր սրտի խօսքը ուղղեց՝ խորին շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն եւ շնորհաւորելով երդուեալ ՀՄԸՄականները։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»ով։