Քաթար Իրանին կ՚առաջարկէ 12 միլիառ տոլարի ֆինանսական աջակցութեան փաթեթ՝ ընթացող բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս իրանական միջոցներու շուրջ վէճը լուծելու նպատակով։ Այս մասին գրած է Mehr գործակալութիւնը։
Գործակալութեան համաձայն՝ առաջարկը կը ներառէ Քաթարի մէջ պահուող իրանական 6 միլիառ տոլարի միջոցներու ապասառեցում, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ 6 միլիառ տոլարի վարկային գիծ։
Ըստ տեղեկութիւններու՝ Թեհրան սկզբնական փուլին կը ցանկար ստանալ սառեցուած միջոցներուն կէսը, իսկ մնացեալ մասը՝ վերջնական համաձայնութեան ձեռքբերումէն ետք։ Սակայն Միացեալ Նահանգները մերժած է այս տարբերակը։ Ի պատասխան՝ Քաթարը առաջարկած է այլընտրանքային կարգաւորում։ Ապասառեցուած 6 միլիառ տոլարը պիտի մնայ բացառապէս մարդասիրական նպատակներու համար, մինչդեռ լրացուցիչ 6 միլիառ տոլարը պիտի տրամադրուի Քաթարի կողմէ կառավարուող վարկի կամ վարկային գիծի ձեւով, իսկ իրանական կողմը վերջնականապէս պիտի որոշէ, թէ ինչպէս օգտագործել այդ միջոցները։