Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու FLY DUBAI օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 14 տարուան դադարէ ետք կը վերսկսի իր թռիչքները դէպի Սուրիա՝ օրական կանոնաւոր չուերթներ կազմակերպելով դէպի Հալէպ։
Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ղայս ալ-Ղայս ընդգծեց, որ այս քայլը կարեւոր նշանակութիւն ունի երկու երկիրներու միջեւ կապերու վերականգնման համար։
«Ուրախ ենք, որ 14 տարի անց կը վերականգնենք երկու ուղղութիւններով թռիչքները։ Օրական չուերթները ոչ միայն պիտի բաւարարեն Հալէպի ուղղութեամբ ճամբորդական աճող պահանջքը, այլեւ պիտի նպաստեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական ու մշակութային կապերու ամրապնդման», ըսաւ ան։
FLY DUBAI -ի վերադարձը կը համարուի որպէս Սուրիոյ օդային հաղորդակցութեան ոլորտի աստիճանական վերականգնման եւ տարածաշրջանային կապերու աշխուժացման նոր քայլ մը։