Լեհաստանը շուտով պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի եւրոպական բոլոր երկիրներու մէջ ամենազօրաւոր ցամաքային բանակը։ Այս մասին Sieci շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Մարիուշ Պլաշչաքը։
Անոր խօսքով՝ «քիչ հաւանական է, որ Ռուսիա յարձակի զօրաւոր բանակ ունեցող երկրի վրայ»։
Պլաշչաք նշած է, որ լեհական զինուած ուժերու չափերն ու ուժը բաւարար են, որպէսզի հակահարուած տան Ռուսիոյ որեւէ սպառնալիքի։
«Լեհաստանը շուտով պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի եւրոպական բոլոր երկիրներու մէջ ամենաուժեղ ցամաքային բանակը»,-ըսած է ան։
Պլաշչաք աւելցուցած է, որ 2018 թուականին Լեհաստանի պատուիրած Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու առաջին խմբաքանակը պէտք է Լեհաստան ժամանէ արդէն այս տարի։