image

ԿԸՅ-ը թարմացուած տուեալներ հրապարակեց. ԲՀԿ-ն չի յաղթահարեր անցողիկ շեմը

ԿԸՅ-ը թարմացուած տուեալներ հրապարակեց. ԲՀԿ-ն չի յաղթահարեր անցողիկ շեմը

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը հրապարակեց Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։

Այս պահի դրութեամբ ամփոփուած են 2005 ընտրատեղամասերու արդիւնքները, քուէարկութեան մասնակիցներու թիւը՝ 1 միլիոն 477 հազար  736։

Ըստ Վահագն Յովակիմեանի հրապարակած տուեալներու՝ ԿԸՅ արձանագրութեան համաձայն առաջատար 4 քաղաքական ուժերուն կողմ քուէարկութիւններն ունին հետեւեալ տեսքը․

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն – 727 հազար 160 կամ 49,825 տոկոս

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինք – 340 հազար 88 կամ 23,281 տոկոս

«Հայաստան» դաշինք –145 հազար 113 կամ 9,934 տոկոս։

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն – 58 հազար 378 կամ 3,996 տոկոս։

Յովակիմեանն ընդգծեց, որ այս ցուցանիշները նախնական են, եւ դեռ կայ ճշգրտման ու վերահաշուարկի փուլ, որու ընթացքին պիտի գործադրուին բոլոր ջանքերը մէկ ձայնի ճշգրտութեամբ թիւերն ունենալու համար։

Յովակիմեանը նաեւ պարզաբանած է, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին մէջ հրապարակուած տուեալներուն մէջ ներառուած չեն ելեկտրոնային քուէարկութեան արդիւնքները, աւելին՝ տոկոսային հաշուարկը, որ կայքի համակարգը կ՚ընէ,  հարիւրերորդականով հաշուարկուած կը կլորացուի։

«Այս դէպքում մենք գործ ունենք մի իրավիճակի հետ, որ մէկ ձայնը կարող է որոշիչ լինել անցողիկ շեմին շատ մօտ քաղաքական ուժի համար։ Բոլորի ուշադրութիւնն եմ հրաւիրում, որ սրանք նախնական արդիւնքներ են, մենք ունենք ճշգրտման վերահաշուարկի փուլ, այսինքն՝ մենք բոլոր ջանքերը պէտք է կիրառենք, որ մէկ ձայնի ճշգրտութեամբ թիւերն ունենանք, եւ այն արդիւնքը, որ կ՚ունենանք, պէտք է իդէալական արտացոլի Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողների կամքը»,- նշած է Յովակիմեանը։

Յիշեցնենք, որ Կենդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակման առցանց համակարգով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հաւաքած ձայները 4 տոկոս էին, ինչն անցողիկ շեմ է, սակայն աւելի ուշ ԿԸՅ նախագահ Վահագն Յովակիմեանի  ներկայացուցած տուեալներէն պարզ կը դառնայ, որ ԲՀԿ-ի ձայները 4 տոկոսի չեն հասնիր, հետեւաբար, այս պահի դրութեամբ չի յաղթահարեր անցողիկ շեմը։ Այս պահուն առկայ տուեալներով՝ խորհրդարան կ՚անցնի երեք քաղաքական ուժ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Հայաստան» դաշինքը եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը։