image

«Խնդիրներու կարգաւորման միակ միջոցը ՝ պատիժներու վերացումն է» Նախագահ Ռոհանի

«Խնդիրներու կարգաւորման միակ  միջոցը ՝ պատիժներու վերացումն է» Նախագահ Ռոհանի

 

Իրանական միջուկային ծրագրին առնչուող Համատեղ համապարփակ գործողութիւններու ծրագիրը կրկնակի քննարկման ենթակայ չէ, եւ այն պահպանելու միակ միջոցը ԱՄՆ-ի կողմէ պատժամիջոցներու չեղարկումն է։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին ֆրանսացի պաշտօնակիցի՝ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռախօսային բանակցութիւններու ընթացքին։ Այս մասին կը յայտնէ ISNA գործակալութիւնը։
Համաձայն 2020 թուականի դեկտեմբերին ընդունուած օրէնքի՝ 23 փետրուարին Իրանի մէջ ուժի մէջ մտած են միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ միջուկային կառոյցներու ստուգման սահմանափակումը։ 23 Փետրուարէն ետք միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեսուչները զրկուած են Իրանի միջուկային կառոյցներու տեսախցիկներուն հասանելիութենէն, սակայն այդ տուեալները 3 ամիս պիտի պահպանուին եւ հասանելի պիտի դառնան, եթե ԱՄՆ-ը վերացնէ պատժամիջոցները։

Ֆրանսան կոչ ըրած է Իրանին պահպանելու միջուկային գործարքով նախատեսուած պարտաւորութիւնները։
«Միջուկայինի ծրարի հետ կապուած Ֆրանսան ընդգծած է խորին անհանգստութիւնը որոշումներու վերաբերեալ, որոնք ընդունուած են Իրանի կողմէ՝ 2015 թուականի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու խախտմամբ։ Ան նշած է Թեհրանի կողմէ պարտականութիւններու կատարման վերադառնալու եւ միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ լայնամաշտապ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է Էլիզեան պալատի տարածած յայտարարութեան մեջ։