image
Հրատապ լուրեր:

«2026-ից յետոյ այլեւս չէք տեսնելու քաղաքականութեամբ զբաղող օլիգարխ կամ նախկին նախագահ». Փաշինեան

«2026-ից յետոյ այլեւս չէք տեսնելու  քաղաքականութեամբ զբաղող օլիգարխ կամ նախկին նախագահ». Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բոլոր նախկին իշխանութիւններու եւ օլիկարխներու պարտութիւն կը կանխատեսէ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս մասին Փաշինեան յայտնած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին։

«Թոյլ տուէք վստահութիւն յայտնել, որ իմ նշած բոլոր ուժերն իրար հետ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններում ստանալու են ջախջախիչ փոքրամասնութիւն։ Բոլոր նախին իշխանութիւններն ու օլիգարխները վերջնականապէս եւ անվերադարձ դուրս են շպրտուելու քաղաքական դաշտից։ 2026-ից յետոյ այլեւս չէք տեսնելու քաղաքականութեամբ զբաղող օլիգարխ կամ նախկին նախագահ։ Յունիսի 8-ին մենք արթնանալու ենք մի Հայաստանում, որի պատմութիւնը միանում է այն պատմութեանը, որն ընդհատուել է 374 թուին՝ Պապ թագաւորի սպանութեամբ»,-ըսած է Փաշինեանը։

Վարչապետը պատմական պարունակին մէջ անդրադարձած է ընդդիմութեան այն մեղադրանքներուն, թէ իշխանութիւնը կը վարէ փրօ-թրքական եւ փրօ-ատրպէյճանական քաղաքականութիւն, որու վերաբերեալ յայտարարութիւններ կը հնչեն նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտօնեաներու որոշ շրջանակներէ։

«Ռուսաստանի Դաշնութիւնում կան որոշակի շրջանակներ, որոնք առաջնորդւում են հետեւեալ տրամաբանութեամբ՝ Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի հետ խաղաղութիւնը ձեռնտու չէ իրենց, որովհետեւ այդ դէպքում Հայաստանը կը դառնայ լիարժէք անկախ պետութիւն, իսկ, եթէ թշնամանք եւ հակամարտութիւն կայ Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի հետ, Հայաստանը ստիպուած կը լինի աւելի ամուր գրկել Ռուսաստանին։ Մենք այս տարածաշրջանում ենք ապրում ե. մենք ունենք չորս հարե ան երկիր. ո՞վ է արդիւնաւէտ ղեկավարը, ով ուզում է այդ չորս հարեւան երկրի հետ ունենալ լաւ յարաբերութիւններ եւ խաղաղութի՞ւն, թէ՞ նա, ով ուզում է այդ չորս հարեւան երկրի հետ անընդհատ հրահրի հակամարտութիւններ։ Ո՞ր երկիրն է աւելի ինքնիշխան ու զարգացած, նա ով հարեւանների հետ ունի բնականոն յարաբերութիւննե՞ր, թէ՞ նա, ով հարեւանների հետ ներքաշուած է կոնֆլիկնտերի մէջ։ Ես ուրախութեամբ եմ արձանագրում, որ իմ ասած գաղափարը Ռուսաստանում, որ Հայաստանին պէտք է անընդհատ սադրել, որ կախուածութիւն ի յայտ գայ կամ մեծանայ Ռուսաստանից, վստահ եմ, որ իմ գործընկերը՝ ՌԴ նախագահ Վլադիմիր Պուտինը, կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուստինն ու ՌԴ կառավարութեան բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, չեն կիսում այս տեսակէտը եւ համարում են, որ խաղաղութիւնը օգտակար է եւ ՀՀ-ին, եւ ՌԴ-ին, եւ տարածաշրջանի երկրներին»,- նշած է վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեանը աւելցուցած է՝ 2024 թուականի ապրիլին հայ ժողովուրդը դուրս եկած է պատմութեան զոհասեղանին դրուած ազգի եւ պետութեան կարգավիճակէն, ոտք դրած է ազատ, ինքնիշխան, զարգացող, խաղաղ պետութեան ճանապարհին, իսկ առաջիկայ ընտրութիւնը պիտի ըլլայ հետեւեալ տրամաբանութեամբ՝ ետ պիտի երթանք պատմութեան ուղեծի՞ր, թէ՞ պիտի շարունակենք նոր բացուած ճանապարհը։