image

Սամուէլ Կարապետեան ընտրուած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ

Սամուէլ Կարապետեան ընտրուած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ

Փետրուար 11-ին կայացած է Սամուէլ Կարապետեանի կուսակցութեան համագումարը։ Այս մասին յայտնած է «Մեր ձեւով» շարժման մամուլի խօսնակ Մարիաննա Ղահրամանեանը։

Համագումարն ընտրած է նոր նախագահ եւ խորհուրդ։ Սամուէլ Կարապետեանը միաձայն ընտրուած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ։

Փետրուար 12-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահաներգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան պաշտօնական շնորհանդէսը, որու ժամանակ պիտի յայտարարուի կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուի անունը։

Ելեկտրոնային գրանցամատեանի տեղեկատւութեան համաձայն՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը գրանցած են Ալեքսան Ալեքսանեանը, Աշոտ Ֆարսեանն ու Լենա Մաթեւոսեանը։ Անոնք երկուքն ալ այդ շարժման անդամներն են։

Կուսակցութիւնը ստեղծուած էր նախորդ տարեվերջին՝ դեկտեմբեր 8-ին, եւ կը կոչուէր «Հայամէտ», այնուհետեւ 2026-ի յունուար 16-ին անուանափոխուած է «Ուժեղ Հայաստան»-ի։

Կուսակցութիւնը գրանցուած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի երեւանեան գրասենեակին մէջ՝ Տէրեան 69 հասցէի վրայ։