image

Խերսոնն ամբողջութեամբ անցած է ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ

Խերսոնն ամբողջութեամբ անցած է  ռուսական ուժերու  տիրապետութեան տակ

Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերը լիովին վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Խերսոնի շրջանի ամբողջ տարածքը: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքովը:

Քոնաշենքովի խօսքով` Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան զօրքերու խմբաւորումը, շարունակելով յարձակողական գործողութիւնները, ճեղքած է ուքրանացի ազգայնականներու պաշտպանութիւնը, վերահսկողութեան տակ վերցուցած է Փանթելեյմոնովքա բնակավայրը եւ հասած է Վերխնեթորեցքոյէ-Նովոսելովքա-2-ի սահման: