Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերաձեւաւորելու նոր փորձ մը կը զարգանայ, եւ այս անգամ անոր կեդրոնը կը գտնուին Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Սէուտական Արաբիան։ Երեք երկիրներուն միջեւ 7 Օգոստոս 2026-ին ստորագրուած «Մեքքայի հաւաքական պաշտպանութեան համաձայնութիւնը» աստիճանաբար կը վերածուի տարածաշրջանային քաղաքականութեան կարեւոր նիւթերէն մէկուն։ Սակայն այս նախաձեռնութեան իրական նշանակութիւնը հասկնալու համար պէտք է նայիլ ոչ միայն ստորագրուած փաստաթուղթերուն, այլեւ այն քաղաքական հաշիւներուն, մտահոգութիւններուն եւ ռազմավարական նպատակներուն, որոնք երեք երկիրները մղած են իրարու մօտենալու։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի վերջին յայտարարութիւնները, թէ դաշինքը պաշտպանական բնոյթ ունի եւ Անգարան մտադիր չէ զինուորական ուժեր ուղարկել այլ երկիրներու տարածք՝ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով, յստակ ուղերձ մը կը պարունակէ։ Անգարա կը փորձէ փարատել այն մտահոգութիւնները, թէ նոր համաձայնութիւնը կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանային նոր ճակատի մը՝ ուղղուած այս կամ այն պետութեան դէմ։ Ֆիտանի խօսքերով՝ անդամ երկիրներէն մէկուն դէմ յարձակումը պիտի արժանանայ միւս անդամներուն միասնական հակազդեցութեան։ Այս սկզբունքը կը դնէ հաւաքական պաշտպանութեան հիմքը, սակայն միաժամանակ կը բանայ շարք մը հարցումներու դուռը. ի՞նչ պիտի նշանակէ այդ միասնական հակազդեցութիւնը գործնականին մէջ, եւ ո՞ւր պիտի վերջանան պաշտպանութեան սահմանները։
Անգարայի համար այս տարբերակումը կարեւոր է։ Թուրքիան, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ վերջին տարիներուն զգալիօրէն զարգացուցած է իր պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը, կը ձգտի ամրապնդել իր ազդեցութիւնը ոչ միայն արեւմտեան դաշինքներու ծիրին մէջ, այլեւ Միջին Արեւելքի ու իսլամական աշխարհի քաղաքական հարթակներուն վրայ։ Անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը, ռազմական գործողութիւններու փորձառութիւնը եւ տարածաշրջանային իր կապերը Թուրքիոյ կու տան դերակատարութեան որոշակի հնարաւորութիւններ։ Սակայն Անգարա նաեւ գիտէ, որ ուղղակի զինուորական միջամտութիւնը կրնայ երկիրը ներքաշել այնպիսի հակամարտութիւններու մէջ, որոնց քաղաքական եւ տնտեսական գինը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ, քան ակնկալուած ռազմավարական շահը։
Փաքիստանի պարագային պատկերը տարբեր է։ Կորիզային զէնք ունեցող եւ մեծ բանակ մը պահպանող այս երկիրը Սէուտական Արաբիոյ հետ ունի երկարամեայ քաղաքական ու պաշտպանական կապեր։ Իսլամապատի համար Ռիատի անվտանգութիւնը կարեւոր ռազմավարական խնդիր է, սակայն նոյնքան կարեւոր է նաեւ այն, որ Փաքիստան չկորսնցնէ իր միջնորդական դերը եւ չներքաշուի նոր տարածաշրջանային պատերազմներու մէջ։ Այս պատճառով ալ դաշինքին պաշտպանական աջակցութիւնը պարտադիր չէ, որ նշանակէ փաքիստանեան ցամաքային զօրքերու ուղղակի մասնակցութիւն ամէն հակամարտութեան։
Սէուտական Արաբիան, իր կարգին, ունի անհրաժեշտ տնտեսական միջոցները՝ պաշտպանական մեծածաւալ ծրագիրներ իրականացնելու համար, սակայն անոր աշխարհագրական դիրքը եւ տարածաշրջանային սպառնալիքներու բնոյթը կը ստիպեն թագաւորութիւնը մտածել իր անվտանգութիւնը բազմակողմանիօրէն ամրապնդելու մասին։ Պարսից ծոցի եւ Կարմիր ծովու միջեւ գտնուող այս պետութեան համար հրթիռային սպառնալիքները, անօդաչու սարքերու կիրառումը, ծովային ուղիներու անվտանգութիւնը եւ Եմէնի շարունակուող ճգնաժամը կը մնան լուրջ մտահոգութիւններ։ Ռիատի համար, հետեւաբար, Թուրքիոյ ռազմական արհեստագիտութիւնը եւ Փաքիստանի պաշտպանական կարողութիւնները կրնան փոխլրացնել իր սեփական միջոցները։
Այս համագործակցութեան գործնական ձեւաւորման ուղղութեամբ արդէն քայլեր առնուած են։ Անցնող 31 Օգոստոսին Իսթանպուլի մէջ կայացած ռազմավարական քաղաքական եւ պաշտպանական առաջին հանդիպումէն ետք, Սեպտեմբեր 24-ին Նիւ Եորքի մէջ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են համագործակցութեան քաղաքական շրջանակը, իսկ յաջորդ օրը Ռիատի մէջ հանդիպած են երեք երկիրներու բանակներու ընդհանուր սպայակոյտերու ներկայացուցիչները։ Հոկտեմբեր 5-ին Ռիատի մէջ գումարուած ռազմավարական քաղաքական եւ պաշտպանական յանձնախումբի նիստին քննարկուած են տարածաշրջանային զարգացումները, հաւաքական պաշտպանութեան միջոցառումները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ զինուորական ուժերու եւ սարքաւորումներու տեղակայման հարցերը։
Միաժամանակ, կողմերը կը շարունակեն մշակել դաշինքին վարչական եւ զինուորական կառոյցները։ Փաքիստանցի հանգստեան կոչուած զօրավար Նուման Մահմուտի նշանակումը՝ դաշինքի առաջին ընդհանուր քարտուղար, երեք տարուան պաշտօնավարութեան ժամկէտով, կը վկայէ, որ նախաձեռնութիւնը կը փորձէ դուրս գալ քաղաքական յայտարարութիւններու սահմաններէն։ Բայց կառոյցի մը գոյութիւնը տակաւին չի նշանակեր, որ ան ունի միասնական ռազմավարութիւն, արագ որոշումներ ընդունելու կարողութիւն եւ անդամներուն կողմէ միեւնոյն չափով ստանձնուած պարտաւորութիւններ։
Հոս է, որ Ֆիտանի յայտարարութիւնները կը ստանան իրենց ամբողջական նշանակութիւնը։ Պաշտպանական դաշինք մը կրնայ զսպման միջոց դառնալ միայն այն պարագային, երբ հաւանական հակառակորդները կը հաւատան, թէ անոր անդամները պատրաստ են անհրաժեշտ պահուն գործելու։ Միւս կողմէ, չափազանց լայն ձեւակերպուած պարտաւորութիւնները կրնան նաեւ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ տեղական միջադէպ մը կամ սահմանափակ բախում մը կրնայ վերածուիլ երեք պետութիւններու մասնակցութեամբ աւելի մեծ ճգնաժամի։
Հետեւաբար կարեւոր է գիտնալ, թէ դաշինքը ինչպէ՛ս պիտի սահմանէ յարձակումը, ի՛նչ պայմաններով պիտի գործադրուի փոխադարձ պաշտպանութիւնը եւ ո՞վ պիտի որոշէ ռազմական աջակցութեան բնոյթը։
Այս հարցերը յատկապէս զգայուն են Եմէնի Հուսիներու եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ։ Թագաւորութեան անվտանգութեան ապահովումը մէկ բան է, իսկ Եմէնի հակամարտութեան մէջ ուղղակի զինուորական միջամտութիւնը՝ բոլորովին այլ։ Օրինակի համար Փաքիստան ներկայիս չի պատրաստուիր ցամաքային ուժերու տեղակայում՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ այդ ենթադրել կու տայ, որ Իսլամապատ կը փորձէ խուսափիլ նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշուելէ։ Թուրքիոյ համար եւս հարցը միայն ռազմական կարողութիւններ տրամադրելը չէ, այլ՝ այդ քայլերուն քաղաքական հետեւանքները կառավարելը։
Հուսիներու դէմ լայնածաւալ գործողութեան մը մասնակցութիւնը կրնայ դաշինքը զսպման նախաձեռնութենէ վերածել երկարատեւ պատերազմի մասնակիցի։ Այդ պարագային երեք երկիրներուն շահերը պարտադիր չէ, որ նոյնանան։ Սէուտական Արաբիան կրնայ պահանջել աւելի անմիջական աջակցութիւն, Փաքիստան՝ նախընտրել միջնորդութիւնը, իսկ Թուրքիան՝ փորձել պաշտպանել իր տարածաշրջանային դիրքը՝ առանց նոր ճակատի մը մէջ խրուելու։ Հետեւաբար, դաշինքի ամրութիւնը պիտի փորձուի ոչ միայն այն պահուն, երբ անդամ երկիրներէն մէկը սպառնալիքի տակ կը գտնուի, այլեւ այն ժամանակ, երբ երեք մասնակից երկիրներու պատասխանները տարբեր ըլլալու հաւանականութիւն մը ունենան։
Միւս կարեւոր հարցը Իրանի հետ յարաբերութիւնն է։ Դաշինքի պաշտպանական բնոյթը շեշտող յայտարարութիւնները կը փորձեն հասկցնել, որ նախաձեռնութիւնը ուղղուած չէ Թեհրանի դէմ։ Սակայն տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ մտադրութիւններու մասին յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ բաւարար են անվստահութիւնը փարատելու համար։ Իրանը պիտի հետեւի ոչ միայն երեք երկիրներուն հրապարակային խօսքերուն, այլեւ անոնց ռազմական համագործակցութեան իրական ընթացքին, պաշտպանական համակարգերու համադրման եւ Պարսից ծոցի անվտանգութեան վերաբերեալ որդեգրուած դիրքորոշումներուն։
Այստեղ կայ նաեւ աւելի լայն հակասութիւն մը։ Տարածաշրջանի երկիրները կրնան հաւաքական պաշտպանութիւնը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան պահպանման միջոց, սակայն եթէ այդ համագործակցութիւնը ընկալուի որպէս հակառակորդ ճակատի մը կազմաւորում, ան կրնայ յառաջացնել սպառազինութեան նոր մրցավազք եւ խորացնել անվստահութիւնը։ Զսպումը կրնայ կանխել յարձակումը, բայց կրնայ նաեւ սրել լարուածութիւնը, եթէ անոր ուղեկցող քաղաքական երկխօսութիւնը բացակայի։
«Մեքքայի դաշինքը» այս առումով կը փորձէ նոր դերակատարութիւն վերապահել իսլամական աշխարհի պետական ուժերուն՝ խրախուսելով ռազմական եւ քաղաքական համագործակցութիւնը։ Բայց իսլամական աշխարհը միասնական քաղաքական տարածք մը չէ։ Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Սէուտական Արաբիան ունին տարբեր առաջնահերթութիւններ, տարբեր աշխարհաքաղաքական կապեր եւ երբեմն՝ իրարու հետ չհամընկնող հաշիւներ։ Անոնց միջեւ համաձայնութիւնը կրնայ կարեւոր յառաջընթաց մը ըլլալ, բայց չի վերացներ այդ տարբերութիւնները։
Ի վերջոյ, դաշինքի ճակատագիրը պիտի որոշուի ոչ թէ անոր անունով կամ ստորագրուած փաստաթուղթերուն խորհրդանշական նշանակութեամբ, այլ՝ ճգնաժամի պահուն որդեգրուած քայլերով։ Պիտի կարենա՞ն երեք երկիրները միասնական որոշումներ ընդունիլ՝ առանց իրենց ազգային շահերը զոհելու։ Պիտի յաջողի՞ն ամրապնդել Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւնը՝ առանց Եմէնի մէջ նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշուելու։ Եւ պիտի կարենա՞ն համոզել տարածաշրջանի միւս պետութիւնները, որ իրենց համագործակցութիւնը սպառնալիք մը չէ, այլ՝ կայունութեան նպաստող նախաձեռնութիւն մը։
«Նոր առանցք» մը դառնալու հաւանականութիւնները մեծ են
«Մեքքայի դաշինքը» կրնայ դառնալ Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանական համագործակցութեան նոր առանցքը։ Ան կրնայ նաեւ ամրապնդել երեք երկիրներուն միջազգային դիրքը եւ փոխլրացնել անոնց ռազմական կարողութիւնները։ Սակայն դաշինքի յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ այն սահմանէն, որուն մէջ ան կը կարենայ զսպել սպառնալիքները՝ առանց ինքնին նոր սպառնալիք դառնալու։
Ֆիտանի յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան յարձակողական գործողութիւններու պիտի չմասնակցի, քաղաքական յստակեցում մըն է, բայց դեռ ոչ վերջնական երաշխիք։ Իրական պատասխանը պիտի տրուի գործնական որոշումներուն միջոցով։ Միջին Արեւելքը նոր դաշինքներու պակաս չունի. անոր պակասը վստահելի անվտանգութեան համակարգ մըն է, որուն մէջ պաշտպանութիւնը չվերածուի յարձակման պատրուակի, իսկ զսպումը՝ նոր պատերազմի նախերգանքի։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս