image
Հրատապ լուրեր:

Խեղդել մինչեւ մահ. Այդ ձեւով հայրը սպաննած է փոքրիկ որդին՝ Տիգրանը

Խեղդել մինչեւ մահ. Այդ ձեւով հայրը սպաննած է փոքրիկ որդին՝ Տիգրանը

Ծափաթաղէն 7-օրեայ որոնումներէ ետք սպանուած յայտնաբերուած 3-ամեայ Տիգրան Օվանեսովի հայրը երեխան կեանքէն զրկած է ձեռքով կոկորդէն սեղմելու եղանակով, կը տեղեկանանք Քննչական կոմիտէէն։

Քննչական կոմիտէն աւարտած է երեխայի սպանութեան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը։ Քննչական կոմիտէն նախաքննութեամբ պարզած է, որ սպանութենէն ետք ան երեխայի դիակը սկիզբը թաքցուցած է դաշտամիջեան տարբեր հատուածներու մէջ, ապա տեղափոխած Ճամբարակ համայնքի Ջիլ բնակավայր տանող խաչմերուկին յարակից դաշտամիջեան հատուած, ուր ալ յայտնաբերուած էր երեխայի դին։

«Երեխայի մարմնի գլխի շրջանում յայտնաբերուել են մարմնական վնասուածքներ։ Դատաբժշկական փորձաքննութեան եզրակացութեան համաձայն՝ 3-ամեայ երեխայի մահը վրայ է հասել մեխանիկական շնչահեղձութեան հետեւանքով՝ պարանոցի օրգանների բութ առարկաներով սեղմման արդիւնքում»,- յաւելած է Քննչական կոմիտէն։

Քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկող դատախազին՝ այն հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ։

Երեքամեայ Տիգրանը կորած էր հոկտեմբեր 27-ին։ Քննչական Կոմիտէն անոր անհետացման դէպքի առնչութեամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնած էր։ Նոյեմբեր 2-ին երեխայի մարմինը յայտնաբերուած էր Ծափաթաղի յարակից դաշտամիջեան հատուածին։ ՀՀ ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանը յայտնած էր, որ Տիգրանին հայրը խեղդամահ ըրած է։