image
Հրատապ լուրեր:

Սեւանայ լիճին մէջ Նոյեմբեր 20-էն մինչեւ 2027-ի Փետրուար 1-ը սիգ ձկնատեսակի արդիւնագործական որսը խստիւ կ՚արգիլուի (Տեսանիւթ)

Սեւանայ լիճին մէջ Նոյեմբեր 20-էն մինչեւ 2027-ի Փետրուար 1-ը սիգ ձկնատեսակի  արդիւնագործական որսը խստիւ կ՚արգիլուի (Տեսանիւթ)

Յառաջիկայ Նոյեմբեր 20-էն մինչեւ 2027-ի Փետրուար 1-ը Սեւանայ լիճին մէջ սիգ ձկնատեսակի արդիւնագործական որսը խստիւ պիտի արգիլուի։

Արգելքի պահպանման նկատմամբ խիստ հսկողութիւն պիտի սահմանէ Էկոպարեկային ծառայութիւնը։ Ապօրինի որսի, որսի կանոններու խախտման եւ օրէնքով սահմանուած պահանջներու չկատարման իւրաքանչիւր պարագայ պիտի արժանանայ իրաւական գնահատականի։ Օրինազանցներուն նկատմամբ պիտի կիրառուին օրէնքով նախատեսուած վարչական եւ քրէական պատասխանատուութեան միջոցներ։

Նոյեմբեր 20-էն ետք Սեւանայ լիճին մէջ որսորդութեան նպատակով օգտագործուող նաւակներ եւ որսամիջոցներ պէտք չէ մնան։ Անոնց սեփականատէրերուն եւ օգտագործողներուն կոչ կ՚ուղղուի մինչեւ սահմանուած ժամկէտը զանոնք դուրս բերել լիճէն՝ օրէնքով նախատեսուած պատասխանատուութենէն խուսափելու համար։

Սեւանայ լիճին ձկնային պաշարներու պահպանումը եւ բնական վերարտադրութեան ապահովումը բնապահպանական առաջնահերթութիւններ են, որոնց դէմ ուղղուած որեւէ խախտում անթոյլատրելի կը նկատուի։