Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, որ հակառակ յամառ ջանքերուն, ներկայիս ի վիճակի չէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել խաղաղ բնակչութեան Լաչինի միջանցքով կամ այլ ուղիներով, ներառեալ Աղդամը: Կազմակերպութիւնը կոչ կ'ընէ համապատասխան որոշում կայացնողներուն թոյլ տալու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին վերսկսիլ իր էական մարդասիրական գործունէութիւնը տարածքին մէջ:
«Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ապաւինում են այս ուղիներով իրենց հասնող մարդասիրական օգնութեանը: Քաղաքացիական բնակչութիւնն այժմ բախւում է կեանք փրկող դեղամիջոցների եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաների բացակայութեան խնդրին։ Մրգերը, բանջարեղէնը եւ հացը գնալով սակաւ եւ թանկ են դառնում, իսկ որոշ այլ պարէնային ապրանքներ, ինչպիսիք են կաթնամթերքը, արեւածաղկի ձէթը, հացահատիկը, ձուկը եւ հաւը առկայ չեն: Վերջին անգամ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին թոյլատրուել է բժշկական պարագաներ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարէնային ապրանքներ բերել տարածք մի քանի շաբաթ առաջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Եւրասիայի տարածաշրջանային տնօրէն Արիանէ Պաուըրը նշած է, որ Կարմիր խաչի մարդասիրական օգնութեան մեքենաներու շարասիւնները փրկօղակ են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար: Ան մտահոգութիւն յայտնած է, որ շարասիւններու արգելափակման հետեւանքով մարդասիրական իրավիճակը աւելի կը վատթարանայ․ «Որպէսզի մենք այստեղ գործենք, անհրաժեշտ է, որ կողմերը հասնին մարդասիրական համաձայնութեան։ Սա կեանքեր փրկող աշխատանք է, եւ պէտք է թոյլ տալ, որ այն շարունակուի»,-ըսած է ան։