image

Ջրականի եւ Վարանդայի որոնողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած է 5 զինուորի աճիւն

Ջրականի եւ Վարանդայի որոնողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած է 5 զինուորի աճիւն

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հարաւային թեւին վրայ՝ Ջրականի (Ճապրայիլ) եւ Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջաններուն մէջ այսօր իրականացուած որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով Արցախի փրկարարները յայտնաբերած եւ տարհանած են եւս 5 զինծառայողի աճիւն: Այս մասին յայտնած են Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Զինադադարէն ետք՝ 2020 թուականի 13 նոյեմբերէն առ այսօր, Արցախի բռնագրաւուած տարածքներէն յայտնաբերուած կամ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական կողմին փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1523 է, որմէ 25-ը նախնական տուեալներով քաղաքացիական անձինք են, միւսները պատերազմի ընթացքին զոհուած զինծառայողներ, կամաւորներ կամ պահեստազօրայիններ:

ԱԻ պետական ծառայութիւնն առաջիկայ օրերուն եւս պիտի շարունակէ որոնումները, այսուհետ՝ ըստ անհրաժեշտութեան: