image

Նախագահ Փեզեշքիան այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմի ընթացքին զոհուած հայերու ընտանիքներուն

Նախագահ Փեզեշքիան այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմի ընթացքին զոհուած հայերու ընտանիքներուն

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը հանդիպած է 1980-1988 թուականներու իրանա-իրաքեան պատերազմին զոհուած հայերու ընտանիքներու հետ, յայտնած է Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատունը։

Երկրի ղեկավարը անոնց այցած է Սուրբ Ծննդեան նախօրէին:

Փեզեշքիանը բարձր գնահատած է Օշաւան Այվազեանի եւ Գարիկ Թումանեանի ընտանիքներու նուիրուածութիւնն ու հերոսութիւնը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են արտաքին յարձակումը ետ մղելու համար։

Նախագահը բարձր գնահատած է զոհուածներու բարձր բարոյեական կերպարը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց ընտանիքներուն իրանեան պետութեան նուիրուածութեան համար։

Պէտք է նշել, որ տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ Իրաքի հետ պատերազմին զոհուած է 180,000-էն 250,000 իրանցի։