«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իտալիայի Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամներուն խորհուրդի անդամ Վինչենցօ Քալապրեթթի ներկայացուցած Արցախի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւը միաձայն ընդունելու համար։ Բանաձեւին մէջ hամայնքային խորհուրդը համերաշխութիւն յայտնած է Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդին, դատապարտած է ատրպէյճնական թշնամական վերաբերմունքը, յորդորած է Իտալիոյ իշխանութիւններուն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը»,-ըսուած է դեսպանտութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: