image

Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքը ճանչցաւ Արցախի  անկախութիւնը

 

Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքը միաձայն Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած է: Այս մասին կը յայտնէ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

 

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իտալիայի Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամներուն խորհուրդի անդամ Վինչենցօ Քալապրեթթի ներկայացուցած Արցախի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւը միաձայն ընդունելու համար։ Բանաձեւին մէջ hամայնքային խորհուրդը համերաշխութիւն յայտնած է Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդին, դատապարտած է ատրպէյճնական թշնամական վերաբերմունքը, յորդորած է Իտալիոյ իշխանութիւններուն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը»,-ըսուած է դեսպանտութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: