image

Պաղտատի «Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանին նուիրուած երեկոյ

Պաղտատի «Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանին նուիրուած երեկոյ

Քալիֆորնիոյ Իրաքահայ մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Փետրուար 22ին գեղարուեստական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է՝ նուիրուած Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբին եւ անոր հիմնադիր խմբավար՝ Կարապետ Քիշմիշեանին։

Յայտագիրը, որուն մասնակցած են նաեւ երգչախումբի նախկին անդամներէն ոմանք, ընդգրկած է օրհնութեան խօսք, տեսանիւթ՝ երգչախումբի պատմութեան եւ գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ մեներգներ, պարեր եւ վկայութիւններ:

Ձեռնարկը կայացած է Սուրբ Գրիգոր Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ։