Եմէնի հուսիներու «Անսար Ալլահ» շարժման ռազմաօդային ուժերը երկու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած են Իսրայէլի Էյլաթ քաղաքը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստաալիքը։
Հուսիներու խօսնակ Եահիա Սարին իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Եմէնի զինուած ուժերը երկու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած են Իսրայէլի Ումմ ալ-Ռաշրաշ (Էյլաթ) քաղաքի մէջ երկու նպատակակէտեր։ Յայտարարութեան մէջ հաստատուած է, որ գործողութիւնը յաջողութեամբ հասած է իր նպատակին՝ շեշտելով, որ իսրայէլեան համակարգերը չէին կրցած որսալ անօդաչուները։
Խօսնակի խօսքով՝ այս մէկը վերջին 24 ժամերու ընթացքին Էյլաթի դէմ կատարուած երկրորդ յարձակումն է։ Ան աւելցուցած է, որ հարուածներ ուղղուած են նաեւ Պեեր Շեւա քաղաքին։
Եմէնի զինուած ուժերը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու գործողութիւնները յաջակցութիւն Պաղեստինի ժողովուրդին։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ Եմէնէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքը ինկած է Էյլաթի տարածքին մէջ։ Տարածքէն քաղաքացիական անձերու տարհանում եւ առաջին բուժօգնութեան աշխատանքներ իրականացուած են։
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ Էյլաթի մէջ անօդաչուի կործանման հետեւանքով վիրաւորուած է առնուազն 20 մարդ։