image

Պէյրութ. Հայկական գորգարուեստի մասին դասախօսութիւն

Պէյրութ. Հայկական գորգարուեստի մասին դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, օրերս, տեղի ունեցած է «Գորգարուեստի մշակոյթը» բնաբանով դասախօսութիւն մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Գորգարուեստի մշակոյթը» բնաբանով դասախօսութիւն մը:

Ձեռարուեստի յանձնախումբին անունով Անի Քէօշէեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց դասախօս Հուրի Մարգարեանը, որ մասնագիտացած է գեղարուեստի ու մշակոյթի մէջ, մասնակցած է քանի մը հաւաքական ցուցահանդէսներու, իսկ 2022 թուականին «Վտշապապար» խորագիրով իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը ունեցած է Երեւանի «Դալան» պատկերասրահին մէջ: Իր ցուցահանդէսի յաջողութեամբ ան դարձաւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի կեդրոնի տարեկան փառատօնի կազմակերպիչը, 2022-ին:

Հուրի Մարգարեան տեսերիզի ճամբով ներկայացուց գորգարուեստի մշակոյթի մասին տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ: Ան նախ սահմանեց մշակոյթ բառը, որուն արմատը մշակ բառն է, որ կը նշանակէ մշակել էութիւնը` ինքնութիւնը պահպանել: Իսկ հիւսքը աւելի քան արհեստ է եւ մեկնաբանուած է որպէս մշակութային լեզու, աւանդոյթ եւ ծէս: Հիւսելու տաղանդը Աստուծոյ պարգեւն է:

Ան յիշատակեց հայկական ասացուածքը` եթէ անդրաշխարհի ճախարակը դադրի պտտելէ, մարդկութիւնը կը կործանի:

Անդրադարձաւ նաեւ հայկական մշակութային արժէքներուն եւ կարգ մը նախշերուն, որոնք պատկերուած են գորգերու վրայ: Յիշեց նաեւ հայկական գորգերու տիեզերական կապը եւ նախշերու տեսակները, որոնք բնորոշ են որոշակի տարածաշրջաններու, ինչպէս` Արցախ, Սիւնիք, Վասպուրական…

Բացատրութիւններ տուաւ գորգերու տեսակներու մասին, ինչպէս` Վիշապագորգ, Ջրաբերդ Արծուագորգ, Խնձորեսկ, Գուհար եւ այլն:

Ան տեղեկացուց նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Լիբանանի Ղազիր որբանոցի 400 հայ երեխաներու աշխատած գորգի մասին, զոր աւարտած են 18 ամսուան ընթացքին, 1925-ին, ուր պատկերուած է եդեմական պարտէզը եւ նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին` Սպիտակ տան:

Իսկ ներկայիս, ինչպէս աւանդական գորգագործութիւնը եւ հիւսքը, գոյութիւն ունին հեքիաթներու մէջ` որպէս ժամանակակից մշակոյթի լեզու:

Աւարտին օրուան դասախօսը շեշտեց, որ պէտք է ծայրայեղ զգօն ըլլանք մեր մշակոյթի իւրացման նկատմամբ, քանի որ ամենասարսափելին մշակոյթի պատերազմն է, որով կը փորձեն խեղաթիւրել եւ ջնջել մեր սրբութիւններն ու պատմութիւնը:

Ապա ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին դասախօսին, որ հմտօրէն գոհացուց հարցադրողները:

Աւարտին Անի Քէօշէեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց օրուան բանախօսին եւ տեղեկացուց, որ յանձնախումբը անմիջապէս պիտի կազմակերպէ կարպետագործութեան դասընթացք` դասատու ունենալով Հուրի Մարգարեանը: