Հայ Կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ , Շաբաթ, Փետրուար 1ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Հըրշի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական 7րդ ճարտասանական մրցումը, որ իրականացուեցաւ նշեալ համալսարանին Աշխարհի լեզուներու կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ։
Մրցումին մասնակցեցան Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Մերտինեան, Հայ Քոյրերու, Շամլեան, Ֆերահեան, Փիլիպոս եւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարաններէն երկրորդական եւ միջնակարգ դասարաններէն 18 աշակերտներ, որոնք ճառերը արտասանեցին հայերէնով կամ անգլերէնով:
Միջնակարգ վարժարաններու մրցանակներուն արժանացան Դաւիթ Գասպարեան (Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, հայերէնի մրցանակ) եւ Էրիք Սարդարբեկեան (Փիլիպոս վարժարան, անգլերէնի մրցանակ)։
Երկրորդական վարժարաններու մրցանակներուն արժանացան Արենի Էքմէքճեան (Ֆերահեան վարժարան, հայերէնի մրցանակ) եւ Յարութ Քարատանայեան (Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, անգլերէնի մրցանակ)։
Շահողները ստացան 1000ական տոլարի կրթանպաստներ։
Ճարտասանութեան այս տարուան մրցումին դատակազմին մաս կազմեցին զանազան ոլորտներէ մտաւորականներ եւ արհեստավարժներ, որոնք էին՝ Անի Աճէմեան, Արա Խաչատրեան, դոկտ․ Անի Շահինեան, Քեթրին Սարաֆեան, Արմէն Քարաօղլանեան, Լիզա Մարգարեան, Անահիտ Պաղտասարեան, դոկտ․ Դալար Շահինեան, տոքթ․ Արմէն Ապուլեան, Ալեքսանտրիա Քազարեան, Ռեւ Լիպարիտեան եւ Ռամելա Օհանեան։
Ճարտասանական մրցումին նպատակն է հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ։ Անիկա մէկ մասնիկն է աշխարհի տարածքին հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու՝ Հայ Կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին եւ այդ թուականէն ի վեր կրթական սպասարկութիւններ տրամադրած է հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքը: