image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի հարուածը Քաթարին․ վտանգաւոր ուղերձ

Իսրայէլի հարուածը Քաթարին․ վտանգաւոր ուղերձ

Միջազգային մակարդակով՝ կը դնէ Իսրայէլը ուղիղ բախումի մէջ ոչ միայն արաբական աշխարհին, այլ նաեւ իր դաշնակիցներուն շահերուն։

Ներքին մակարդակով՝ կը ծառայի իբրեւ գործիք Նաթանիահուի իշխանութեան պահպանման համար։

Սակայն երեք շերտերէն իւրաքանչիւրին մէջ Իսրայէլ կը բախի վտանգաւոր հետեւանքներու․ Ծոցի երկիրները կրնան աւելի համախմբուիլ, միջազգային մեկուսացումը կրնայ խորանալ, իսկ ԱՄՆ-ի հետ վստահութեան ճեղքերը կրնան աւելի լայննալ։

Այսպիսով, Քաթարի դէմ հարուածը ոչ թէ Իսրայէլի ուժի ցուցադրութիւն է, այլ աւելի շատ անոր ռազմավարական շփոթի եւ կարճատեսութեան վկայութիւն։

 

 

Հարուածը միայն «Համաս»ի դէմ չէր… 

Անցեալ երեքշաբթի օր Իսրայէլ թիրախաւորեց Քաթարը։ Աւելի ճիշդ է ըսել, որ Իսրայէլ ոչ թէ թիրախաւորեց Քաթարը, այլ Տոհա մեկնած «Համաս»ի բանակցող պատուիրակութեան գտնուած վայրը։ Հարուածէն օրեր անց, երբ նստած եմ գրելու այս յօդուածը «Համաս»ի թիրախ դարձած ղեկավարներու ճակատագրին մասին յստակ տուեալներ դեռ չկան։ Առաջին հայեացքով այս քայլը կրնայ թուիլ իբրեւ սովորական զինուորական գործողութիւն, բայց իրականութեան մէջ ունի բաւական խորունկ քաղաքական ուղերձ։ Քաթարը տարիներէ ի վեր կը համարուի «Համաս»ի գլխաւոր հովանաւորներէն, որ ոչ միայն նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Կազայի պաշարուած ժողովուրդին, այլ նաեւ միջնորդական դեր կ՛ունենայ կրակի դադրեցման առիթներ ստեղծելու կապակցութեամբ։ Պաշտօնական Տոհան դարձած է տարածաշրջանային խաղացող, որ կը քալէ բարակ թելի մը վրայ՝ պահելով իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները տարբեր ճամբարներու հետ։ Այս պատճառով, Իսրայէլի հարուածը կը դիտուի իբրեւ ուղիղ սպառնալիք ոչ միայն Քաթարին, այլ ամբողջ Ծոցի երկիրներուն։

Իսրայէլ կը փորձէ ցոյց տալ, որ պատրաստ է թիրախաւորել նաեւ այն պետութիւնները, որոնք մօտ են կամ կ՚օժանդակեն պաղեստինեան դիմադրութեան։ Պատգամը յստակ է՝ «Համաս»ին օգնող իւրաքանչիւր պետութիւն կրնայ դառնալ թիրախ»։ Այդ նախազգուշացումը ուղղուած է Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Քուէյթին, որոնք կը գտնուին մրցակցային ու երբեմն հակասական դիրքերու մէջ։ Բայց գետնի վրայ այս գործողութիւնը մեծ բեկում մը չէ։ Երեք տարի շարունակուող Կազայի պատերազմին մէջ «Համաս» տակաւին ունի որոշակի ներուժ եւ կառոյցներ, իսկ «մահացու հարուած»ի մասին խօսիլը շատ վաղ է։ Իսրայէլ կը շահարկէ հոգեբանական ազդեցութիւնը, քան իրական զինուորական բեկումը։

Հարուածը նաեւ ներքին սպառման նպատակ ունի։ Նաթանիահուի կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ ճգնաժամ՝ տնտեսական անկում, հանրային դժգոհութիւն եւ միջազգային վարկաբեկում։ Այս պայմաններուն մէջ Տոհայի դէմ գործողութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ վճռական քայլ, որու շնորհիւ իշխանութիւնը կը փորձէ ամրապնդել իր դիրքերը եւ ցոյց տալ ուժ եւ «ներկայութիւն»։ Սակայն Քաթարը միայն փոքր երկիր մը չէ։ Ան ունի մեծ դեր կազի համաշխարհային շուկային մէջ եւ կը տիրապետէ ազդեցիկ լրատուական ցանցի։ Այս պատճառով, յարձակումը միջազգային քննադատութեան առարկայ դարձաւ եւ շատեր զայն կը դիտարկեն իբրեւ քայլ մը, որ կը մօտենայ «պատերազմական ոճիր»ի սահմաններուն։ Այս հանգամանքը կը խորացնէ Իսրայէլի մեկուսացումը։

 

Ընթացող բանակցութիւններուն մասին

Վերջին ամիսներուն բազմաթիւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, ուր Քաթարը, Եգիպտոսը եւ երբեմն Թուրքիան փորձեցին միջնորդել «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ։ Այս քննարկումները կը տանին որոշակի արդիւնքի կամ կը ձախողին, բայց միշտ կը նշուի, որ առանց Քաթարի մասնակցութեան գրեթէ անկարելի է հասնիլ ժամանակաւոր հրադադարի։ Քաթարը անընդհատ կը գործէր իբրեւ կապող օղակ՝ փոխանցելով պահանջներ եւ առաջարկներ։ Նոյնիսկ ամերիկեան կողմը բազմիցս հաստատեց, որ Տոհայի միջնորդութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ան կը պահէ ուղիղ կապեր «Համաս»ի առաջնորդութեան հետ։

Բայց բանակցութիւնները նաեւ կը բացայայտեն խոր ճեղքեր։ Իսրայէլ կը պնդէ, որ «Համաս»ին պէտք է պարտադրել զինաթափումի ուղի մը, մինչդեռ «Համաս» այդ մէկը կը դիտէ, իբրեւ անոր գոյութեան արմատական սպառնալիք։ Քաթարը փորձեց կշռոյթ ստեղծել՝ առաջարկելով մարդասիրական լուծումներ, գերիներու փոխանակում եւ կրակի մասնակի դադրեցումներ։ Սակայն իսրայէլեան դիրքորոշումը աւելի կոշտացաւ, մանաւանդ Նաթանիահուի դէմ առկայ քաղաքական ճնշումներու պատճառով։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ բանակցութիւններու մէջ յաճախ կը յառաջանային փակուղիներ։

Այս ընթացքին Իսրայէլի վերջին հարուածը ուղիղ յարձակում էր ոչ միայն «Համաս»ի վրայ, այլ նաեւ այն միջնորդին, որ կը փորձէր բանակցութեան առիթ եւ հարթակ ստեղծել։ Արդարեւ, շատ փորձագէտներ կը նշեն, որ այս քայլով Իսրայէլ նպատակադրեց տկարացնել Քաթարի միջնորդական դերը՝ լռեցնելու համար այն ձայնը, որ կը փորձէր պահել որոշակի ազդեցութիւն։ Սա նաեւ ազդանշան մըն էր, որ Թել Աւիւ այլեւս չի տեսներ շահ՝ միջնորդներու միջոցով լուծում գտնելու։

 

Իսրայէլ – ԱՄՆ յարաբերութիւններ

Բնականաբար, այս բոլորին վրայ կը տարածուի Միացեալ Նահանգներու գործօնը։ Ուաշինկթըն տարիներէ ի վեր Իսրայէլի գլխաւոր դաշնակիցն է։ Զինուորական օժանդակութիւնները, դիւանագիտական «վեթո»ները ՄԱԿ-ի մէջ, տնտեսական սերտ կապերը՝ բոլորը ցոյց կու տան, որ առանց ԱՄՆ-ի բացարձակ աջակցութեան Իսրայէլի գործողութիւնները դժուար պիտի ըլլային։ Բայց վերջին զարգացումները կը բացայայտեն որոշ «ճեղքեր»

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մէջ կ՛աճի դժգոհութիւն այն ճգնաժամերէն, որոնք կը յառաջացնէ Իսրայէլի անզիջողութիւնը։ Ուաշինկթընին համար կարեւոր է պահպանել կայունութիւն Ծոցի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, մասնաւորաբար քանի որ ներուժի (նաւթ, կազ, եւն) շուկաները անմիջապէս կը կապուին այս տարածաշրջանին։ Քաթարը, որ աշխարհի մեծագոյն կազ արտահանողներէն է, ունի սերտ յարաբերութիւններ ԱՄՆ-ին հետ։ Այս պատճառով, երբ Իսրայէլ թիրախաւորեց Քաթարը, իրականութեան մէջ ան ակամայ բախեցաւ նաեւ իր դաշնակիցին շահերուն։

Ամերիկեան վարչակազմը հրապարակաւ չդատապարտեց Թէլ Աւիւի առած քայլը, բայց գուլիսներու ետին երեւելի դարձաւ, որ ԱՄՆ-ի իշխանակարգի տարբեր մակարդակներու վրայ կայ որոշակի դժգոհութիւն մը։Սպիտակ Տունը կը փորձէ նուրբ հաւասարակշռութիւն պահել․ մէկ կողմէ չմերժել Իսրայէլը, միւս կողմէ չկորսնցնել իր գործընկերութիւնը Քաթարի հետ, որ ներուժի մատակարարումներէ բացի ԱՄՆ-ի կը տրամադրէ ռազմական խարիսխ եւ տնտեսական մեծ ներդրումներ ։ Այս հակասութիւնը կը դարձնէ Իսրայէլի քայլը աւելի վտանգաւոր, որովհետեւ կրնայ թուլացնել Թէլ Աւիւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ հինաւուրց համերաշխութիւնը։

Բաց աստի , ամերիկեան հասարակութեան մէջ եւ անգամ Կոնգրէսի շրջանակներուն մէջ աւելի շատ ձայներ կը բարձրանան, որ Իսրայէլի գործողութիւնները պէտք է սահմանափակուին։ Պատերազմի երկարաձգումը կը վնասէ նաեւ ԱՄՆ-ի միջազգային պատկերին։ Իսկ Նաթանիահու կը փորձէ օգտագործել ամերիկեան աջակցութիւնը իբրեւ պաշտպանական վահան՝ շարունակելու իր ռազմավարութիւնը։ Այս տարբերութիւնները ապագային կրնան աւելի խորանալ, մանաւանդ եթէ Իսրայէլ շարունակէ թիրախաւորել այն երկիրները, որոնց հետ ԱՄՆ ունի կենսական շահեր։

 

Եզրակացութիւն մը 

Այս բոլորին առընթեր առաջիկային կարելի է ակնկալել նոր զարգացումներ։ Ծոցի երկիրներուն մէջ կրնայ յառաջանալ համախմբում կամ հակառակը՝ նոր ճեղք, որ կրնայ դրական համարուիլ Իսրայէլի համար։ «Համաս» չի խորտակուիր, կը շարունակէ դիմադրել եւ պահել իր հիմքերը։ Իսկ Իսրայէլ որքան աւելի կը թիրախաւորէ ոչ միայն պաղեստինցիները, այլ նաեւ անկախ պետութիւններ, այնքան կը մեծնայ միջազգային դատապարտումը անոր դէմ եւ կը զօրանան դատական գործընթացներու պահանջները։

Ի վերջոյ, Քաթարի դէմ հարուածը երեք շերտով կը բացայայտուի․

Տարածաշրջանային մակարդակով՝ կը սպառնայ Ծոցի պետութիւններուն եւ կը փորձէ տկարացնել միջնորդական հարթակները։

Միջազգային մակարդակով՝ կը դնէ Իսրայէլը ուղիղ բախումի մէջ ոչ միայն արաբական աշխարհին, այլ նաեւ իր դաշնակիցներուն շահերուն։

Ներքին մակարդակով՝ կը ծառայի իբրեւ գործիք Նաթանիահուի իշխանութեան պահպանման համար։

Սակայն երեք շերտերէն իւրաքանչիւրին մէջ Իսրայէլ կը բախի վտանգաւոր հետեւանքներու․ Ծոցի երկիրները կրնան աւելի համախմբուիլ, միջազգային մեկուսացումը կրնայ խորանալ, իսկ ԱՄՆ-ի հետ վստահութեան ճեղքերը կրնան աւելի լայննալ։

Այսպիսով, Քաթարի դէմ հարուածը ոչ թէ Իսրայէլի ուժի ցուցադրութիւն է, այլ աւելի շատ անոր ռազմավարական շփոթի եւ կարճատեսութեան վկայութիւն։

 

Սագօ Արեան 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...