Իսրայէլ յայտարարած է, որ իր զինուած ուժերը ռազմական գործողութիւններ կ՚իրականացնեն Կազա քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ՝ պաղեստինեան անկլաւին մէջ, փորձելով ոչնչացնել ՀԱՄԱՍ արմատական շարժման զինեալները։
Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Քալանթը նոյեմբեր 7-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ իսրայէլցի զինուորները «Կազա քաղաքի սրտին մէջն են» եւ «կը սեղմեն օղակը»։
«Հետեւակայինները եւ զրահապատ մեքենաներու ու հրասայլերու մէջ գտնուող զինուորները Կազայի մէջ ունին մէկ թիրախ՝ ՀԱՄԱՍ-ի ահաբեկիչները, անոնց ենթակառուցուածքները, անոնց հրամանատարները, թաքստոցները, հաղորդակցութեան սենեակները», -ըսած է Կալանթ։
Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ ՀԱՄԱՍ-ի ամենաբարձրաստիճան ղեկավար Եահեա Սինուարը մեկուսացուած է իր թաքստոցին մէջ։ ՀԱՄԱՍ-ը Սինուարի ճակատագրի մասին որեւէ մեկնաբանութիւն առայժմ չէ ըրած։
Անվտանգութեան ուժերու աղբիւրները Reuters-ին յայտնած են, որ Իսրայէլի զինուորականները կը սկսին պատերազմի յաջորդ փուլը, այն է՝ տեղորոշել եւ ոչնչացնել Կազայի մէջ գտնուող ՀԱՄԱՍ-ի փապուղիները, որ կրնայ ամիսներ տեւել։