Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Պաղեստին-Իսրայէլեան հակամարտութեան ծիրէն ներս նոր լարում կրնայ յառաջանալ։Խնդիրն այն է, որ իսրայէլեան յատուկ ջոկատայիններ թափանցելով Նապլոս քաղաք կրակ բացած եւ տեղն ու տեղը սպաննած են երեք «Համաս»ի անդամներ։
(Կրակը բացուած է զինեալներուն պատկանող ինքնաշարժին վրայ)։
Շատ վայրագ կերպով եղած է սպանութեան դէպքը եւ իսրայէլացիք իւրաքանչիւր զոհի վրայ բացած են ութսուն կրակ։
Իրավիճակը կրնայ բարդանալ, եւ պաղեստինեան բոլոր զինեալ խմբաւորումները յայտարարած են, որ պիտի լուծեն զոհուածներուն վրէժը։