Եմէնի բնակչութեան մեծ մասը վերահսկող հուսիները հարուածներ հասցուցած են կառավարական ուժերուն, ինչպէս նաեւ անոնց աջակցող սէուտական դիրքերուն։
«Անսար Ալլահ» շարժման խօսնակի ձեւակերպմամբ՝ հակառակորդներուն լուրջ վնաս հասցուած է։ Եահիա Սարիան պնդած է, որ ստիպած են դաշինքի որոշ ստորաբաժանումներ նահանջել Թաիզ նահանգի մէջ իրենց զբաղեցուցած դիրքերէն։ Տեղեկութիւններ կան, որ հուսիները հարուածած են նաեւ Ճատտայի մէջ «Saudi Aramco»-ի նաւթավերամշակման կառոյցները եւ Ռիատի միջազգային օդակայանը, իսկ Սէուտական Արաբիոյ օդային տարածքը յայտարարուած է ռազմական գործողութիւններու գօտի։
Զուգահեռաբար, Եմէնի կառավարական ուժերը կը յայտնեն, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիները որոշ շրջաններու մէջ ետ մղած են եւ վերականգնած են Մոխա նաւահանգիստին ու Պապ ալ-Մանտեպ նեղուցին նկատմամբ վերահսկողութիւնը։ Նշուած է, որ Սէուտական Արաբիան օդէն՝ կործանիչներով, աջակցած է Եմէնի բանակի ցամաքային գործողութիւններուն։
Այս լոյսի ներքոյ, Ուաշինկթըն Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող ԱՄՆ քաղաքացիները նախազգուշացուցած է անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու շարունակական հարուածներու սպառնալիքին մասին՝ կոչ ընելով զգօն ըլլալու եւ հետեւելու պաշտպանական ծառայութիւններու ցուցմունքներուն։
Անգարան եւ Իսլամապատն ալ գործարկած են Ռիատի հետ աւելի վաղ կնքուած «Մեքքէի համաձայնագիրը»։ Փաքիստան եւ Թուրքիա ռազմական ուժեր պիտի տեղակայեն Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Փաստաթուղթին կողմերը դատապարտած են հուսիներու գործողութիւնները թէ՛ Եմէնի, թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ դէմ։
Մամուլին մէջ Մեքքէի համաձայնագիրը կը կոչուի «իսլամական ՆԱԹՕ»։ Անոր հիմնական դրոյթներէն մէկը հաւաքական պաշտպանութեան սկզբունքն է, որուն համաձայն՝ կողմերէն մէկուն դէմ զինուած յարձակումը պիտի նկատուի յարձակում բոլոր կողմերուն դէմ։