image

Իսրայէլ կրակէ օղակի տակ առաւ «Քարտ ալ Հասան» կազմակերպութեան կեդրոնները. Ի՞նչ են պատճառները

Իսրայէլ կրակէ օղակի տակ առաւ «Քարտ ալ Հասան» կազմակերպութեան կեդրոնները. Ի՞նչ են պատճառները

Այս բոլորէն անդին այսօր հիմնական հարցադրումը, որ կը հնչէ իւրաքանչիւր սրտցաւ լիբանանցիի կողմէ, թէ մինչեւ ե՞րբ Իսրայէլ պիտի շարունակէ հարուածել Պէյրութը, որ տակաւին ամբողջովին չէ բուժած անցեալ փուլէն կուտակուած իր վէրքերը։

Իսրայէլեան բանակը այսօր օդային հարուածներ հասցուց Պէյրութի հարաւային թաղամասերուն՝ թիրախ դարձնելով «Քարտ ալ-Հասան» («Բարեացակամ Փոխառութեան Հիմնարկ», Խմբ. «Արեւելք») ցանցային կազմակերպութեան կարգ մը հիմնական կեդրոնները։ Մասնաւորապէս ծանր հարուածի ենթարկուեցաւ կազմակերպութեան «Պիր ալ-Ապետ»ի կեդրոնը, որ կը համարուի կազմակերպութեան գլխաւոր կեդրոնատեղին։ Բարձրացող ծուխի տեսարանները տեսագրութիւններու մէջ ցոյց կու տան հարուածներուն ենթարկուած տարածքը, որ ցուցադրուեցաւ ուղիղ եթերով։

Իսրայէլեան կողմը նախապէս կոչ ըրաւ բնակիչներուն՝ հեռանալ նշուած շրջաններէն՝ յայտնելով, թէ կը պատրաստուի հարուածել «Քարտ ալ-Հասան» հիմնարկի ենթակառոյցները, զանոնք համարելով «Հըզպալլա»ի հետ առնչուած ֆինանսական հաստատութիւն։

«Քարտ ալ-Հասան»ը ծանօթ է որպէս ֆինանսական միութիւն, որ կը գործէ Լիբանանի յատկապէս հարաւային շրջաններուն եւ Պէյրութի Հարաւային Արուարձանի թաղամասերուն մէջ։ 

Իսրայէլեան կողմը այս հարուածները կը ներկայացնէ որպէս քայլ՝ «Հըզպալլա»ի ենթակառոյցներուն հարուած հասցնելու նպատակով, մինչ լիբանանեան կողմը զայն կը դիտէ որպէս շրջանին մէջ սրացող ռազմական գործողութիւններու մէկ մասը։