image

Իսրայէլ դժգոհ է «Ուիքիփետիա»էն.Պատճառը «Հըզպալլա»ն է

Իսրայէլ   դժգոհ է  «Ուիքիփետիա»էն.Պատճառը «Հըզպալլա»ն է

Իսրայէլ  լիբանանեան «Հըզպալլա»ին դէմ   իր շղթայազերծած  պայքարի  շրջանականերուն մէջ, նոր քայլի մը դիմած է: Ան պահանջած է «Ուիքիփետիա» ելեկտրոնային հանրագիտարանէն, թարմացնել տեղեկութիւնները «Հըզպալլա» կուսակցութեան  մասին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Լիպանոն տիպէյթ» կայքէն, որ յղում ըրած է իսրայէլեան  թուիթըրեան գրառումին:

Աղբիւրը նշած է, թէ իսրայէլեան բանակի պաշտօնական թիւիթըրեան  պլոկը տեղադրած է նկար «Հըզպալլա»ի  մասին ու կողքին կատարած է գրառում նշելով՝« «Հըզպալլա»ն, իր հիմնադրութենէն՝ 1982-էն ի վեր, քաղաքական կուսակցութենէ ու զինեալ խմբաւորումէ մը շատ աւելին է: Ան այժմ միջազգայնօրէն ճանչուած է, որպէս  ահաբեկչական կազմակերպութիւն»: Կայքը շարունակած է իր գրառումը, պահանջելով «Ուիքիփետիա»էն թարմացնել իր տեղեկութիւնները:  

Ի դէպ, կայքը գրառումին մէջ նաեւ դրած է դրօշակները այն երկիրներուն, որոնք ներառած են «Հըզպալլա»ն, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ: Այդ երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Արժանթին, Փարակուէյ, Ճափոն, Քանատա, Էքուատոր, Քոլոմպիա եւ Իսրայէլ: Իսկ արաբական երկիրներէն նշուած են Սէուտական Արաբիա եւ Պահրէյն:

Աղբիւրը   դժգոհած է, որ  «Ուիքիփետիա»էն որովհետեւ  «Հըզպալլա»ն,  բացառապէս  կը ներկայացուի  իբր լիբանանեան,շիիթ, քաղաքական կուսակցութիւն  եւ զինեալ խմբաւորում: