Լիբանանի բանակը ծրագիր ներկայացուցած է Կառավարութեան՝ առաջարկելով մինչեւ 2025 թուականի վերջը զէնքի կիրառման պետական մենաշնորհ սահմանել, ինչ որ կը նշանակէ, որ «Հըզպալլա» պէտք է զինաթափուի:
Կարգ մը լրատուամիջոցներու տուեալով՝ Կառավարութիւնը հաստատած է նախագիծը, թէեւ դէմ արտայայտուողներ եւս եղած են: Նշուած է, որ իշխանութիւնը յոյս ունի ստանալու շարժման համաձայնութիւնը՝ քաղաքացիական հակամարտութեան վտանգէն խուսափելու համար:
Իսրայէլ յայտարարած է՝ եթէ «Հըզպալլա» չընդունի զինաթափման ծրագիրը, ՑԱՀԱԼ-ը (Իսրայէլի բանակ) պիտի շարունակէ Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնները: Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակէն նախազգուշացուցած են՝ «Իսրայէլ ուշադիր կը հետեւի Լիբանանի զարգացումներուն եւ կ'ընէ հնարաւորը՝ իր քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ապահովելու համար»: