«Հըզպալլա»ի անօդաչու թռչող սարքերէն մէկն արձակուած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի տան ուղղութեամբ՝ Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Քեսարիա քաղաքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը։
Իսրայէլի բանակն աւելի վաղ յայտնած էր, որ Լիբանանէն 3 ԱԹՍ արձակուած է, որոնցմէ երկուքը յաջողած են որսալ, իսկ 1-ը հարուածած է Քեսարիա քաղաքի շրջանին մէջ գտնուող շէնքը:
«ԱԹՍ-ն արձակուած է վարչապետի նստավայրի ուղղութեամբ։ Վարչապետն ու անոր կինը այնտեղ չեն եղած, միջադէպի հետեւանքով տուժածներ չկան», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: