image

Իրանեան անօդաչու սարքերը «Մեծ տարտ»՝ Իսրայէլին

Իրանեան անօդաչու սարքերը «Մեծ տարտ»՝ Իսրայէլին

ԱՄՆ ձեռնպահ մնացած է անօդաչու սարքերու յարձակումները վարող «օձի գլուխ»ին, այսինքն՝ Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Ամիր Հաճիզատէին հարցը լուծելէն, որ դարձած է իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը վարող կեդրոնական անձնաւորութիւնը:

 

Արաբական եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով իսրայէլցի փորձագէտ Եոնի Պըն Մենահեմը հաստատած է, որ Իրանի անօդաչուներու համակարգը «շատ վտանգաւոր զէնք դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»։

«Ալ Մաքտիսի» հանրային կապերու կեդրոնին հրապարակած՝ Պըն Մենահեմի զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ «իրանեան անօդաչուներու համակարգը, որ մշակած են իրանցիները, տպաւորիչ կատարողութիւն կը ցուցադրէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ Անսարալլահ շարժման պատերազմին»:

Ան նշած է, որ իրանցիները այդ զէնքերը մատակարարած են իրենց դաշնակից խմբաւորումներուն «Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլային եւ Կազայի հատուածին մէջ Համասին եւ Իսլամական ճիհատին»։

Պըն Մենահեմ նշած է, որ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը «անվերջ անհանգստութեան աղբիւր դարձան Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համար: Այդ մէկը ամերիկացիներուն համար յստակացած էր նախագահ Թրամփի վարչակազմին օրօք՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Aramco-ի նաւթային միաւորներուն վրայ յարձակման հետեւանքով»:

Ան նաեւ նշած է, որ «անվտանգութեան բարձրաստիճան աղբիւրներու համաձայն՝ Իսրայէլը Պայտընի վարչակազմին յորդորած է քայլերու ձեռնարկել իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու ղեկավարներուն դէմ, «Մերսըր Սթրիթ» նաւուն վրայ կատարուած յարձակումէն ետք»։

Ան պարզաբանած է, որ «ԱՄՆ ձեռնպահ մնացած է անօդաչու սարքերու յարձակումները վարող «օձի գլուխ»ին, այսինքն՝ Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Ամիր Հաճիզատէին հարցը լուծելէն, որ դարձած է իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը վարող կեդրոնական անձնաւորութիւնը»:

Պըն Մենահեմ բացայայտած է, որ «Իսրայէլի կողմէ Հաճիզատէն օրինական թիրախ է ճիշդ ժամանակին թիրախաւորելու համար»: Ան յաւելած է, որ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը «երկար ժամանակ պիտի զբաղեցնեն Մերձաւոր Արեւելքը, Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները»՝ ընդգծելով, որ անոնք դարձած են «իրանեան վտանգաւոր եւ արդիւնաւէտ զէնք»:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ անօդաչու սարքերը «կը փոխեն օդային մարտերուն բնոյթը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ անոնք կարեւոր դեր պիտի ունենան Իրանի եւ անոր գործակիցներուն կողմէ՝ Իսրայէլի դէմ որեւէ ռազմական բախումի ընթացքին»:

Պըն Մենահեմ նշած է, որ «նախագահ Թրամփի օրօք ստեղծուած է իսրայէլա-ամերիկեան համատեղ աշխատանքային խմբակ՝ ուսումնասիրելու իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու սպառնալիքին դէմ պայքարի ուղիները», նշելով, որ «խումբը կը շարունակէ աշխատիլ նաեւ Պայտընի վարչակազմին օրօք»: