image

Իրանական անօդաչու թռչող սարքերը ֆրանսացի զինուnր uպանած է. Էմանուէլ Մաքրոն

Իրանական անօդաչու թռչող սարքերը ֆրանսացի զինուnր uպանած է. Էմանուէլ Մաքրոն

Իրաքի հիւսիսը ֆրանսացի զինուոր սպանուած է, եւս մի քանին վիրաւորուած են: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը X-ի իր էջի միջոցաւ։

Ան անընդունելի անուանած է Էրպիլի ռազմակայանին անօդաչու սարքերով հասցուած հարուածը՝ յայտնելով ազգի երախտագիտութիւնն ու համերաշխութիւնը զոհուած Արնօ Ֆրիոնի ընտանիքին եւ անոր գործընկերներուն։

Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ ռազմակայանին վրայ յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է վեց զինծառայող։

«Անոնց ներկայութիւնը Իրաքի մէջ կը կատարուի բացառապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս։ Իրանի մէջ ընթացող պատերազմը չի կրնար արդարացում հանդիսանալ նման յարձակումներու համար»,– գրած է Ֆրանսայի առաջնորդը X-ի իր էջին վրայ։