image

Թեհրան անօդաչուներով հարուածներ տուած է Ամերիկեան ռազմանաւերու. Tasnim

Թեհրան անօդաչուներով հարուածներ տուած է Ամերիկեան ռազմանաւերու. Tasnim

Իրանի զինուած ուժերը յայտարարած են անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ ամերիկեան ռազմանաւերուն հարուածներ հասցնելու մասին՝ ի պատասխան իսլամական հանրապետութեան պատկանող նաւի զաւթման։

Այս մասին յայտնած է Tasnim գործակալութիւնը։

Ըստ Իրանի Զինուած ուժերու «Խաթամ ալ-Անպիա» կեդրոնական շտապի ներկայացուցիչի տեղեկութիւններուն՝ ամերիկեան զինուորականներու կողմէ զաւթուած նաւը Չինաստանէն կը մեկնէր դէպի Օմանի ծոց. անոնք, խախտելով հրադադարի դրութիւնը, գնդակոծած են զայն եւ շարքէ դուրս հանած նաւագնացութեան համակարգը։ Ի պատասխան՝ Իրանը անօդաչու սարքերով գրոհած է ԱՄՆ նաւերը։

Կեդրոնական շտապի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ հանրապետութեան զինուած ուժերը մտադիր են շարունակել պատասխանել ամերիկեան կողմի ծովահէնութեան եւ յարձակումներուն։