Իրան դէմ է Հարաւային Կովկասին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան եւ կը յիշեցնէ տարածաշրջանի անվտանգութեան հարցով Իրանի յստակ դիրքորոշումը․ այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Էսմայիլ Պաղայէին՝ ISNA գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին։
Պաղայէին, ողջունելով տարածաշրջանային տնտեսական կապերու զարգացման եւ հաղորդակցական ուղիներու ապաշրջափակման գաղափարը, միեւնոյն ժամանակ խիստ կասկածամտօրէն վերաբերած է Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան եւ այն ապակայունացնող համարած։
«Հարաւային Կովկասը Իրանի անմիջական դրացին է, եւ Իրան տարածաշրջանի տնտեսական զարգացումը, կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը իր ազգային շահերուն համահունչ կը համարէ։ [Հետեւաբար] Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն մէջ արտատարածաշրջանային դերակատարներու ապակառուցողական միջամտութիւնը լուրջ մարտահրաւէր կը նետէ այդ պետութիւններու հասարակութեան շահերուն, կայունութեանն ու խաղաղութեան, ինչ որ որեւէ լաւ բանի պիտի չյանգեցնէ»,– նշած է իրանցի պաշտօնեան։
Նշենք, որ Էսմայիլ Պաղայէիի խօսքերը կը հնչեն Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի մայիս 26-ին Երեւան կատարած այցելութենէն ետք։