image

Ինտոնեզիա. Ահաբեկչական պայթում Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտ. Կան տուժածներ

Ինտոնեզիա. Ահաբեկչական պայթում Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ մօտ. Կան տուժածներ

 

Ինտոնեզիայի Մաքասար քաղաքին մէջ կաթոլիկ եկեղեցիի մօտ հզօր պայթում որոտացած է: Ոստիկանութեան տուեալներով՝ պայթումը իրականացուցած են երկու մահապարտ-ահաբեկիչներ, որոնք մահացած են, գրած է DW-ն։

 

Կը հաղորդուի, որ պայթումի հետևանքով վիրաւորուած է առնուազն 14 մարդ, որոնց շարքին՝ եկեղեցւոյ աշխատակիցները:

Պայթյումի վայրին մէջ ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է «մարդկային մարմնի մասեր»։

Եկեղեցւոյ հոգեւորականը պատմած է, որ ռումբը պայթած է ժամերգութենէն ետք, այն պահուն, երբ հաւատացեալները կը պատրաստուէին տուն երթալ: 

Նշենք, որ վերջին տարիներուն Ինտոնեզիան յայտնուած է իսլամիստական ահաբեկչութիւններու թիրախ։ 

 

Police examine the site of an explosion in Makassar, Indonesia