Օրերս Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նոր փայլ ստացած է։ Հոգեպարար արարողութեանց աւարտին ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից Երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի ձեռամբ օծուած են եկեղեցւոյ մոմավառութեան սեղանները։ Սոյն սեղաններու տեղադրումը կատարուած էր շրջան մը առաջ շնորհիւ երկու բարեպաշտ ընտանիքներու Տէր եւ Տիկ. Հայկազ եւ Օֆիք Թահմազեաններու եւ Տէր եւ Տիկ. Սեպուհ եւ Վիքի Արմէնակեաններու անսակարկ նուիրումին ճամբով։
Ստորեւ այդ գեղեցիկ առիթին մասին Թեմի Առաջնորդարանի հրապարակած լրատւութիւնը ՝
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, Կիրակի 25 Յունուար 2026-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին օծումը կատարուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մոմավառութեան զոյգ սեղաններու:
Հիմնովին վերանորոգուած մոմավառութեան սեղաններուն կնքահայրութիւնը ստանձնեցին թեմի ազգայիններէն՝ Տէր եւ Տիկ. Հայկազ եւ Օֆիք Թահմազեան եւ Տէր եւ Տիկ. Սեպուհ եւ Վիքի Արմէնակեան, որոնք եկեղեցւոյ շինարարութեան յանձնախումբին մաս կազմած էին եւ ի յիշատակ իրենց ծնողաց մոմավառութեան սեղաններու բարերարութիւնը ստանձնած էին 1998-ին, նաեւ շարունակելով իրենց ազնուական նուիրատուութիւնը հիմնովին վերանորոգեցին նոյն մոմավառութեան սեղանները:
Սրբազան հայրը արարողութեան աւարտին յանուն Ազգային Վարչութեան եւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին իր գնահատանքը յայտնեց զոյգ կնքահայրներուն:
