Օրերս, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը մեկնած է Հասիչէ, ուր յիշատակուած է Տիրոջ Տաճար ընծայման տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, ընկերակցութեամբ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան անդամ Տիար Յարութ Աբրահամեանին, մեկնեցաւ Հասիչէ, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական կազմի անդամներու կողմէ, ուր յիշատակուեցաւ Տիրոջ Տաճար ընծայման տօնը։
Մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանին։
Օրուայ խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, որ բացատրեց Ս. Վարդանանց եւ Տեառնընդառաջի տօնները։
Աւարտին, ըստ սովորութեան, քահանայ հայրը մանուկները խորանին շուրջ դարձուց։
Ապա Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, քահանայ հայրը եւ ներկայ ժողովուրդը թափոր կազմած ուղղուեցան Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը եւ աւանդական խարոյկի բոցավառումը։
Յայտնենք, թէ Հասիչէի Թաղականութիւնը եւ Ս. Օ. Խաչի վարչութիւնը Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին եւ Քահանայ Հօր նուէր մը նուիրեցին Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով։