Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վիլէն Գաբրիէլեանը Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովի նիստին պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանէն հետաքրքրուած է, թէ անձամբ ի՞նչ բացթողում ունի, կա՞յ բան մը, որ կը կարծէ՝ սխալ ըրած է:
«Զինուած ուժերի խնդիրն է կռուել եւ յաղթել: Պաշտպանութեան նախարարութեան խնդիրն էր, որ ապահովեն, որ կռուեն եւ յաղթեն»,- պատասխանած է Դաւիթ Տօնոյեանը՝ պարզաբանելով, որ ապահովումը ոչ միայն սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի առումով, այլեւ ե՛ւ ֆինանսական միջոցներու, ե՛ւ տեղեկատուական ապահովման, ե՛ւ պաշտպանական քաղաքականութեան առումով:
«Ես գտնում եմ, որ իմ ամենամեծ պատասխանատւութիւնն այն է, որ ես չկարողացայ կանգնեցնել այս պատերազմը: Իմ ռազմադիւանագիտական հմտութիւնները, իմ գիտելիքները, իմ կապերը բաւարար չեղան, որ ես կանգնեցնեմ, պատերազմի սկիզբը չլինի»,-ըսած է Տօնոյեան: