Ռուսիոյ ամենամեծ զիջումն այն է, որ անոնք պիտի դադրեցնեն պատերազմը եւ այլեւս տարածքներ պիտի չգրաւեն, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
Լրագրողներու հարցին՝ արդեօք քննարկուող ծրագրի շրջածիրէն ներս Ուքրանիան պիտի չկորսնցնէ իր տարածքները, Թրամփ պատասխանած է, որ եթէ պատերազմը շարունակուի, այդ պարագային ալ պիտի կորսնցնեն այդ տարածքները, ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքեր:
«Այսպէս թէ այնպէս քանի մը ամսուան ընթացքին այդ տարածքները Ռուսիոյ պիտի անցնին։ Դուք կ՚ուզէք պատերազմիլ եւ կորսնցնել յաջորդ 50-60 հազար մարդ: Շատ բարդ իրավիճակ է, այնքան մարդ զոհուած է», - նշած է Թրամփ:
Ան շեշտած է, որ այս պատերազմը չեր սկսիր գործող նախագահի օրօք, այն սկսած է յիմարութեան պատճառով:
Ան նշած է, որ մարդիկ արդէն կը հասկնան, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման ծրագիրը շատ լաւ գործարք է, որովհետեւ շատ մարդիկ կը մահանան, յատկապէս՝ զինուորներ: