image

Պաղեստինին աջակցիլը ողջ մարդկութեան ընդհանուր պատասխանատւութիւնն է. Էրտողան

Պաղեստինին աջակցիլը ողջ մարդկութեան ընդհանուր պատասխանատւութիւնն է. Էրտողան

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ բոլոր հարթակներու վրայ վճռականօրէն պաշտպանել Պաղեստինի հարցը եւ աջակցիլ 1967-ի սահմաններու հիման վրայ՝ Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաքով անկախ եւ ինքնիշխան պաղեստինեան պետութեան ստեղծման։

Այս մասին Էրտողան յայտարարած է Անգարայի մէջ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպումէն ետք կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսին։

«Պաղեստինին աջակցիլը համայն մարդկութեան, առաջին հերթին՝ իսլամական աշխարհին ընդհանուր պատասխանատուութիւնն է»,– յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը։

Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիան պաղեստինեան կողմին հետ խորհրդակցութիւններու միջոցով կը շարունակէ առաջ մղել երկու պետութիւններու սկզբունքին վրայ հիմնուած կարգաւորումը։

Ան անդրադարձած է նաեւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին եւ Երուսաղէմի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը մեղադրելով բռնագրաւման, բռնի տեղահանման եւ տարածքներու զաւթման քաղաքականութիւն վարելու մէջ։

Թուրքիոյ նախագահը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի տուեալները, որոնց համաձայն՝ միայն 2026-ին վերաբնակիչներու գործողութիւններուն, տուներու քանդման եւ տեղահանումներու հետեւանքով շուրջ 3800 պաղեստինցի ստիպուած եղած է լքելու իր բնակավայրը, իսկ մօտ 100 պաղեստինցի զոհուած է։

Էրտողան յայտնած է, որ Ապպասի հետ քննարկած են ստեղծուած իրավիճակին մէջ հնարաւոր քայլերը, երկկողմ յարաբերութիւնները եւ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ վերջին զարգացումները։

Թուրքիոյ նախագահը ողջունած է Պաղեստինի մէջ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու որոշումը՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք պիտի նպաստեն ներպաղեստինեան հաշտեցման գործընթացին եւ պաղեստինեան ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան դէմ է Ալ-Աքսա մզկիթի եւ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ գտնուող այլ սրբավայրերու ներկայիս կարգավիճակը փոխելու ուղղուած քայլերուն։

«Ինչ ալ ընեն, անոնք պիտի չյաջողին պաղեստինեան հարցը դուրս մղել մարդկութեան օրակարգէն։ Մենք՝ որպէս Թուրքիա, պիտի շարունակենք ամենավճռական կերպով պաշտպանել Պաղեստինի հարցը բոլոր հարթակներու վրայ»,– ըսած է Էրտողան։

Անդրադառնալով Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ արագ պայմաններ ստեղծել տարածքի վերականգնման եւ անվտանգութեան ապահովման գործընթացը սկսելու համար։

Անոր խօսքով՝ հակառակ պաղեստինեան կողմի «կառուցողական դիրքորոշման», Իսրայէլի ներկայիս ղեկավարութիւնը կը շարունակէ վարել անզիջող եւ յարձակողական քաղաքականութիւն։