image

Իրան թիրախաւորած է տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմական կառոյցները

Իրան թիրախաւորած է տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմական կառոյցները

Ամերիկեան հարուածին ի պատասխան՝ Իրանի ռազմածովային ուժերը թիրախաւորած են տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական կառոյցները։

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը նախազգուշացուցած է, որ յարձակման կրկնութեան պարագային պատասխանը աւելի հզօր պիտի ըլլայ։ Պահակագունդը նաեւ շեշտած է, որ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագրի հինգերորդ կէտին համաձայն՝ Հորմուզի նեղուցով նաւարկութիւնը պէտք է համակարգուի Իրանի հետ, մինչդեռ ԱՄՆ-ը փորձած է խախտել այդ պայմանը։

Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Էպրահիմ Ազիզին ալ յայտարարած է, որ ամերիկեան կողմը որեւէ յանձնառութիւն չի ցուցաբերեր բանակցութիւններուն կամ հրադադարին նկատմամբ։

«ԱՄՆ-ը կրկին յարձակեցաւ Իրանի վրայ՝ բանակցութիւններու ընթացքին։ Միացեալ Նահանգներու ձախողած նախագահը ցոյց տուաւ, որ որեւէ յանձնառութիւն չունի բանակցութիւններու սկզբունքներուն կամ հրադադարին նկատմամբ։ Հրադադարի այս անխոհեմ խախտումը, ինչպէս միշտ, պիտի յանգեցնէ անոնց կողմէ նահանջի եւ զղջումի։ Մեղադրանքներու խաղն այլեւս չի գործեր»,– նշած է պաշտօնեան։