image

Փարիզի մերձ. Արնուվիլ շրջանի հայկական «Հրանդ Տինք» վարժարանը ի պատուի

Փարիզի մերձ. Արնուվիլ շրջանի հայկական  «Հրանդ Տինք» վարժարանը ի պատուի

 Օրերս հանդիսաւոր կերպով  տեղի ունեցած է  երեկոյթ նուիրուած  Փարիզէն շուրջ 20   քլմ. հեռու գտնուող   Արնուվիլ շրջանին մէջ  գործող «Հրանդ Տինք»   վարժարանին։

 Այս մասին համապարփակ թղթակցութիւն մը կատարած է  Փարիզի   միակ  հայկական պարբեարականը՝  «Նոր Յառաջ»ը։

 «Արեւելք»ի  ընթերցողներուն   յիշեցնենք, որ   Ֆրանսայի   տարբեր քաղաքներուն մէջ   երեւելի սկսած է դառնալ աշխուժութիւն մը կապուած  կրթական  միջավայրին եւ   այդ աշխուժութեան մէջ  հիմնարար դեր  վերցուցած է  Ֆրանսայի Հայոց  Թեմի  նախկին առաջնորդներէն՝  Գերշ. Տ. Նորվան  արք.  Զաքարեան։

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ  կը կիսուինք «Նոր Յառաջ»ի  թղթակցութեամբ։

 

 

«Միութիւնը՝ զօրութիւն է» ասացուածքը, արտասանուած լոկ խօսք մը չէ, այլ կիրարկուող իրականութիւն Արնուվիլի «Հրանդ Տինք» վարժարանի տնտեսավարներուն, պարոններ՝ Արթուն Սոժիի, Կարօ Կարապետեանի, Սեդրակ Այտընի, Ալէն Թամիսի, Թանիա Եափարի եւ իրենց միւս գործընկերներուն կողմէ, որոնք տոքթ. Գէորգ Աբգարեանի գլխաւորութեամբ առաջնորդուեցան եւ 2007 թուականէն ի վեր կերտեցին «Հրանդ Տինք» ամէնօրեայ վարժարանը, տեղւոյն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դիմացը, հայ լեզուի վերակենդանացման տեսիլքէն բռնուած։

Անոնք մինչեւ օրս նիւթական եւ բարոյական զոհողութեան բացառիկ օրինակով կը կառավարեն վարժարանին տնտեսական գործընթացը եւ կը վերահսկեն մանկավարժական մակարդակին, մտահոգուելով միշտ անոր յառաջընթացով։ 

Իրենց համագործակցութեան անկեղծութիւնը գնահատուած է հայ հասարակութեան կողմէ, փաստ 18 Նոյեմբերի երեկոյեան կազմակերպուած ճաշը, «Շառլ Ազնաւուր» հանդիսասրահին մէջ, ուր աւելի քան 430 հրաւիրեալներ տեղ գրաւած էին ճոխ սեղաններուն շուրջ։

Ճաշէն առաջ, պարոն Արթուն Սոժի ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեան, առ ի յարգանք Արցախի զոհերուն, տուժածներուն եւ աղէտեալներուն, որմէ ետք օրհնուեցաւ սեղանը Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի կողմէ։

Պատուոյ սեղաններուն շուրջ տեղ գրաւած էին Արնուվիլի քաղաքապետ՝ Տէր եւ Տիկին Փասքալ Տոլ, Շրջանայինի խորհրդական՝ Տէր եւ Տիկին Միշէլ Օմաս, նախկին երեսփոխան՝ Ֆրանսուա Փիւփոնի, փոխքաղաքապետուհի՝ տիկին Նեքթար Պալեան, Վարագայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան՝ Տէր Մանուէլ Ռաշօ-Յովհաննէսեան, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ...

Նախագահ պարոն Արթուն Սոժիի բարիգալստեան խօսքէն ետք, Վարժարանին անունով խօսք առաւ պարոն Հայկօ Այտըն, եւ հակիրճ տեղեկագրով մը ներկայացուց անցնող տարուան գլխաւոր անցուդարձերը, դպրոցի տնտեսական եւ կրթական կեանքին վերաբերեալ։ Կարճ տեսերիզով մը ներկայացուեցաւ նոյն ատեն նորակառոյց դասարանին կահաւորումը։ Այս դասարանը կառուցուեցաւ 2023-ի արձակուրդի շրջանին եւ վերամուտին աշակերտները արդէն տեղաւորուած էին նոր դասարանին մէջ։

Նշենք, որ 2023-24 կրթական տարեշրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւը բարձրացած է 90-ի։

Ուրախալի էր մեծ թիւով երիտասարդ երիտասարդուհիներու ներկայութիւնը որոնք իրենց պարերով թնդացուցին մթնոլորտը, շնորհիւ երգիչ՝ Սարգիս Նաճարեանի գեղեցիկ ձայնով երգուած հայկական երգերուն։

Յաջող վիճակահանութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ ի նպաստ դպրոցին։

Այն ճիգը որ Հրանդ Տինք վարժարանի տնտեսավարները տարիներէ ի վեր կը թափեն դպրոցի բարգաւաճման համար, աննման է։

«Հարկս հարկաւորաց եւ պատիւս արժանաւորաց» ասացուածքը կը վայելէ այս հայորդիներուն։ Ապրի՛ք տղաք։

 

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ ■

Նկարին մէջ. Ձախէն՝ Կարօ Կարապետեան, Յարութիւն Կէօրիւր, Նորվան Սրբազան, Փիէր Ինճէեան, Մանուէլ քահանայ Յովհաննէսեան