Հիանալի կ՚ըլլար, եթէ անոնք հանդիպէին։ Անոնք պէտք է այդ ընեն, ըսած է Թրամփը՝ մեկնաբանելով Զելենսքիի նամակը եւ Փութինի հետ դէմ առ դէմ հանդիպելու անոր առաջարկը։
«Ես կ՚ուզեմ, որ իւրաքանչիւր կողմ որոշ զիջումներու երթայ, եւ կը կարծեմ՝ անոնք կ՚ընեն այդ»,-նշած է ան։