image

Փութինը պատրաստ է Թրամփի հետ նոր հանդիպման. Փեսքով

Փութինը պատրաստ է Թրամփի հետ նոր հանդիպման. Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է հանդիպում ունենալու ամերիկացի իր գործընկեր Տանըլտ Թրամփի հետ, սակայն նման առերես շփման հնարաւոր ժամկէտներուն վերաբերեալ տակաւին որեւէ յստակութիւն չկայ։ Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Բարձր մակարդակի որեւէ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն չկայ։ Եթէ խօսինք ռուս-ամերիկեան հանդիպման մասին, նախագահի կողմէ պատրաստակամութիւն կայ», նշած է ան։

«Նախագահներ Փութին եւ Թրամփ իրենց հեռաձայնային խօսակցութիւններուն ընթացքին իսկապէս միշտ կը շեշտեն, որ ժամանակի ընթացքին, անհրաժեշտութեան պարագային, պատրաստ են եւս մէկ հանդիպում ունենալու», յիշեցուցած է Փեսքով։